image

Պաքուի եւ Երեւանի դիմակայութիւնը աւարտած է եւ պէտք է մտածել ապագայի մասին. Լուքաշենքօ

Պաքուի եւ Երեւանի դիմակայութիւնը աւարտած է եւ պէտք է մտածել ապագայի մասին. Լուքաշենքօ

Պաքուի եւ Երեւանի դիմակայութիւնն աւարտած է եւ պէտք է մտածել ապագայի մասին՝ ինչպէս կազմակերպել այնտեղ երկու պետութիւններու կեանքը. այս մասին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, յայտնած է sputnik.by-ը:

Լուքաշենքօն ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ յետխորհրդային տարածքը բարդ ժամանակաշրջան կ՚ապրի, որ նշանաւորուած է հակամարտութիւններով, այդ շարքին՝ ՀԱՊԿ պատասխանատւութեան գօտիին մէջ։

«Սակայն մենք պատրաստ ենք ատոր, եւ յուսով եմ, որ Մինսքի մէջ ռազմաքաղաքական կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս այս միջոցառումը կը նպաստէ ՀԱՊԿ անդամներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համար մեր ջանքերու մեծացման»,- ըսած է ան։