image

Պաքու քննադատեց Ղարաբաղի ընտրութիւնը

Պաքու քննադատեց Ղարաբաղի ընտրութիւնը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Արցախի նախագահի ընտրութեան՝ յայտարարելով, որ այդ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի նորմերու ու սկզբունքներու կոպիտ խախտում է: 

«Այսպէս կոչուած ընտրութիւններու կայացումը անգամ մը եւս յստակ ցոյց կու տայ, որ Հայաստան եւ անոր ստեղծած այսպէս կոչուած ռեժիմը, քայլեր ձեռնարկած է սթաթուս քուօն պահպանելու եւ իր բռնագրաւման քաղաքականութիւնը շարունակելու համար, իրականութեան մէջ շահագրգռուած չեն խաղաղ գործընթացով եւ ընդհակառակը, որդեգրած են սադրանքի եւ իրավիճակի սրման ուղին», - ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։