image

Պաքու կը ձաղկէ Փարիզի կողմէ հնչող մեղադրանքները

Պաքու կը ձաղկէ Փարիզի կողմէ  հնչող  մեղադրանքները

Պաքուն դատապարտած է եւ մերժած 27 հոկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նիստին Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի Ատրպէյճանին հասցէագրած մեղադրանքը:

«Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանին հասցէագրուած մեղադրանքը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը սպառնալու մասին ծիծաղելի է եւ անընդունելի: Տասնամեակներ շարունակ միջնորդ հանդիսանալով՝ Ֆրանսան աչք փակած է Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքի մօտ 20 տոկոսի բռնագրաւման վրայ եւ խրախուսած է անջատողականութեան ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ։

Ֆրանսան երբեք չէ իրականացուցած յաջող միջնորդական ջանքեր»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ըստ գերատեսչութեան, Ֆրանսայի միջնորդութիւնը «նախկին հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ աւարտած է Մինսքի խումբին հետ»: