Խաղաղութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս Պաղեստինը պատրաստ է Իսրայէլի հետ բանակցելու վերջնական կարգավիճակի շուրջ, «ՌԻԱ-Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը։
«Պաղեստինի պետութիւնը ձեւաւորած է քաղաքական տեսլական եւ մշակած է ճանապարհային քարտէզ, որ հաւանութեան արժանացուցած է արաբական վեց պետութեան խումբը, եւ որ ներկայացուած է ԱՄՆ, ԵՄ եւ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու քննարկման։ Ատոր հիմքը համընդգրկուն քաղաքական որոշումն է, որ կ՚ենթադրէ Կազայի հատուածի մէջ իսրայէլեան ներկայութեան դադրեցում»,-ըսած է ան։
Նախագահն ընդգծած է, որ ներկայացուած որոշումը կ՚ենթադրէ «իսրայէլեան կողմի հետ բանակցութիւններ վերջնական կարգավիճակի շուրջ՝ խաղաղութեան միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս՝ որոշակի ժամանակացոյցով եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան մեխանիզմի մշակմամբ»։