image

Պաղեստինէն կոչ՝ բոլոր երկիրներուն «Վերանայիլ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ»

Պաղեստինէն կոչ՝ բոլոր երկիրներուն  «Վերանայիլ  յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ»

Պաղեստինի նախագահի յատուկ յանձնակատար Ռիատ Մալիքին լրագրողներուն յայտարարած է, որ բոլոր երկիրները եւ ՄԱԿ-ը պէտք է վերանային իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ հաշուի առնելով Պաղեստինի տարածքներու բռնագրաւման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի խորհրդատուական եզրակացութիւնը։

Ան նշած է, որ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը կատարած է իր իրաւական ու բարոյեական պարտաւորութիւնները՝ անօրինական ճանչնալով Իսրայէլի ներկայութիւնը բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ։

«Այժմ բոլոր պետութիւնները պէտք է խստօրէն կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները։

Սա կը նշանակէ, որ բոլոր երկիրները եւ ՄԱԿ-ը պէտք է անյապաղ վերանային Իսրայէլի հետ իրենց երկկողմ յարաբերութիւնները՝ համոզուելու համար, որ իրենց քաղաքականութիւնն ուղղակի կամ անուղղակի չի նպաստեր պաղեստինեան ժողովուրդի դէմ  Իսրայէլի շարունակուող յարձակման»,-ըսած է ան: