image

Օտարները կրնա՞ն արաբներուն իրաւունքներուն պաշտպան ըլլալ

Օտարները կրնա՞ն արաբներուն իրաւունքներուն պաշտպան ըլլալ

Կազայի դէմ շղթայազերծուած բարբարոսական պատերազմը, որ ո՛չ իրաւացիութիւն ունի, ո՛չ հաւաստիութիւն, ո՛չ ալ արդարութիւն, այսօր, մեծագոյն ԱՄՕԹ մըն է, շպրտուած աշխարհի երեսին, ինքզինք քաղաքակիրթ յորջորջող պետութիւններու հասցէին, որոնք մարդկային արժանապատուութենէ զուրկ, ստորաքարշութեան մոլեգնութեամբ համակուած, անասնական կատաղութեամբ համալրուած, երկիր փճացնելու, մարդ որսալու, ազգութիւն շոգիացնելու ու բռնազաւթում գործադրելու յամառութեամբ, հանուր աշխարհին առջեւ, իրենց զազրելիութեան, գարշահոտութեան եւ ատելութեան վայրենաբարոյութիւնները ցոյց տուին (ու կու տան), մինչ ոչ մէկ կողմ կը փորձէ զսպել կամ սանձել այլամերժները եւ գիշատիչ վոհմակները…:

 

 

 

Մեր Դիտարկումով ու Դատումով

Միջին Արեւելքը կ’եռեւեփի մարտական ու պատերազմական բախումներու մէջ, որոնց մեծ մասը մնայուն բռնկումներով ծաւալուած է, ոչ միայն արտաքին ուժերու կողմէ, այլեւ՝ ներքին հակամարտութիւններու:

Այն օրէն սկսեալ, երբ հրեաներուն «նուիրուեցաւ» հողամաս-երկիր մը, որ խրուեցաւ արաբական աշխարհի ծոցին մէջ, աւելի ճիշդ՝ Պաղեստինեան անմիջական տարածքէն ներս, պարզ դարձաւ անոնց վերապահուած տխրահռչակ դերակատարութեան բռնակալական, զաւթողական ու տիրապետական գազանաբարոյ մոլուցքները:

1967ի եւ 1973ի արաբական-պաղեստինեան բիրտ պատերազմները արդէն ազդանշան էին, որ շրջանը դատապարտուած է մնալու պայթուցիկ վիճակի մէջ, անկայունութիւններու, յարձակողականութիւններւ եւ անապահովութիւններու քանդողական ու մահացուական ահաւոր հետեւանքներով:

Ոչ միայն այսքան, տակաւին կան իսրայէլցիներու ամբարտաւան վարքագիծերը, առիթ չփախցնելու, բռնագրաւեալ հողերէն զատ (Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան), համարեա օրական յաճախականութեամբ արշաւելու արաբներուն վրայ, բռնաբարելով, ռմբահարելով, հրթիռ արձակելով, օդային, ցամաքային ու ծովային ռազմավարութեամբ, առանց որ միջազգային դէտեր ու համաշխարհային կողմեր ծպտուն հանեն, իսկ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) իր առաքելութեան մէջ մե՜նծ բացակայ մը, այնքան ատեն որ իրեն լսող չկայ, հնազանդող չկայ, կարեւորող չկայ:

Այլապէս ալ՝ միթէ պարզ եւ յստակ չէ՞, որ մինչեւ հիմա արաբական հողեր կը մնան պղծուած ու գերեվարուած, հոգ չէ թէ ՄԱԿը երբեմն սաստող ու դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ, սակայն, ապարդիւն եւ անիմաստ արդիւնքներով:

Այս առընչութեամբ դիտելի է, Յորդանանի պարագան, որ գտնուելով նոյն շրջագիծէն ներս, կ’ապրի խաղաղ ու անվտանգ կեանք մը, հակառակ անոր որ իր սահմանային կարգավիճակը եւ ընդհանրապէս գոյութիւնը, պատմականօրէն «վիճելի» կը նկատուին, սակայն, իր անկախութիւնը ապահովուած է, քանի անիկա ձեւաւորուած ու կազմուած է արեւմտեան (յատկապէս անգլիական) հովանաւորութեամբ ու միշտ կը վայելէ անոր զօրավիգութիւնը եւ անմիջականութիւնը, համեմատաբար, բարգաւաճ կացութեան մը մէջ գտնուելով, առանց վշտացնելու կամ հակառակելու իր ազգակից արաբներուն, ձեւով մը, «անկիւնաւորուած»օրէն գոյատեւելու ինքնագոհութեամբ:

Արաբական աշխարհի ամենէն մեծ երկիրը՝ Եգիպտոս, թէեւ Իսրայէլի հետ «խաղաղութեան» դաշինք մը կնքած էր, նախագահ Անուար Սատաթի եւ Իսրայէլի վարչապետ Մենահիմ Պեկինի միջեւ, հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթընի, սակայն, այդ համաձայնագրութիւնը մնաց խախուտ ու խռպոտ, Սատաթ կեանքը վրան տալով, որ շառաչուն ապտակ մըն էր Եգիպտոսի յատենի իշխանութեան եւ առհասարակ՝ բանակցող կողմերուն:

Այսօր, կայ այդ համաձայնագիրը, սակայն, ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը մերժէ զայն, ինչ որ ցոյց կու տայ համաժողովրդական տոկուն կեցուածք մը, իր բարացուցական ու համարաբական արտայայտութիւններով:

Այս անմարդկային ու մարդատեաց (չ)պետութիւնը, կը շարունակէ անարգել գործել ու շարժիլ, կամայական ու քմահաճական հարբեցողութեամբ, համոզուած (՞) ըլլալով որ ինք ճիշդն է, ինք յաղթողն է, ինք տիրապետողն է, իսկ արաբը ստիպուած է հաշտուելու այդ յաւակնութեան ու հոգեբանութեան հետ, եւ կամ՝ իր հետ ստորագրելու խաղաղութեան դաշինք, տնտեսական եւ արդիւնաբերական համագործակցութիւններ յաջողցնելու ու կիրարկելու յոյսով, անշուշտ, այդ բոլորը սպառնական ոճերով, լարախաղաց միջոցներով ու դարձդարձիկ հնարքներով:

Պէտք չէ անտեսել, այլ շեշտել, Ամերիկեան պետութեան գործօնը, որ իր աշխարհաքաղաքական համայնակուլ ռազմավարութեամբ, միայն չարիք, մաղձ, աղէտ, ատելութիւն ու թշնամութիւն կը սերմանէ ամենուրէք, ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կը գտնուի իր «սիրասուն» երկիրը, որուն վստահած է ամէն ոտնձգութիւն, կանաչ լոյս, հարուածելու աստ ու անդ, գլխաւոր թիրախ ունենալով պաղեստինցի ժողովուրդը, որ իր հայրենի սեփական հողին կառչած է եւ անիկա անփոխարինելի հարստութիւն ու ժառանգութիւն մըն է իրեն համար:

Ուաշինկթըն, իր անբարոյ ճամարտակութիւններով, աշխարհահռչակ համբաւ ունի ու Կազայի դէմ լարուած պատերազմին, իր լրիւ տգեղութիւնը եւ անճոռնիութիւնը դարձեալ ցոյց տուաւ, երբ անմեղ եւ անտէր պաղեստինցիներուն նկատմամբ, ինչպէս չարագործ հրեան, ինք եւս սատանայացաւ, ոչ միայն «զոհ»երը անիծելով ու քաջալերելով դահիճները անխափան շարունակելու սպանդը, այլեւ «պատժել»ով այն բոլոր ամերիկացիները, որոնք կը պաշտպանեն պաղեստինցիները կամ կը դատապարտեն մարդասպանները, զանոնք պաշտօնանկ ընելով, նոյնիսկ չխնայելով պետական շրջանակներու մէջ բարձր պաշտօններ զբաղցնող անուանի դէմքեր:

                                          ***

Կազայի դէմ շղթայազերծուած բարբարոսական պատերազմը, որ ո՛չ իրաւացիութիւն ունի, ո՛չ հաւաստիութիւն, ո՛չ ալ արդարութիւն, այսօր, մեծագոյն ԱՄՕԹ մըն է, շպրտուած աշխարհի երեսին, ինքզինք քաղաքակիրթ յորջորջող պետութիւններու հասցէին, որոնք մարդկային արժանապատուութենէ զուրկ, ստորաքարշութեան մոլեգնութեամբ համակուած, անասնական կատաղութեամբ համալրուած, երկիր փճացնելու, մարդ որսալու, ազգութիւն շոգիացնելու ու բռնազաւթում գործադրելու յամառութեամբ, հանուր աշխարհին առջեւ, իրենց զազրելիութեան, գարշահոտութեան եւ ատելութեան վայրենաբարոյութիւնները ցոյց տուին (ու կու տան), մինչ ոչ մէկ կողմ կը փորձէ զսպել կամ սանձել այլամերժները եւ գիշատիչ վոհմակները…:

Ընդհակառակը, իւրաքանչիւր մունետիկ եւ աքաղաղ, ուրկէ ալ ծագի, բուսնի, կամ կաչաղակէ, բոլորն ալ, անխտիր, միայն «բաղաձայն սիմֆոնիայ»ի խժալուր աղմուկներ են, որոնք կը շեշտեն ու կ’ընդգծեն իրենց տէրերուն տմարդիութեան, գռեհկութեան ու լղրճութեան «սեւացրէքեան» տխրաերեսները:

Դժբախտաբար, այն ինչ որ կը պատահի, պատահեցաւ (ու կրնայ շարունակուիլ) իսրայէլեան ՖԱՇԻԶՄԻ կողմէ, խիստ վտանգաւոր եւ աղիտաբեր նորանոր հետեւանքներով կրնայ վերանորոգուիլ ու վերաճիլ:

Եթէ «ֆաշիզմ»ը ծնունդն էր «հիթլերիզմ»ին, որուն զոհ(՞) գացին միլիոնաւորներ, որոնց շարքին՝ նաեւ հրեաներ, այսօր, «հրէիզմ»ը ու «սիոնիզմ»ը նոյն ուղիին վրայ չե՞ն, նոյն ցեղասպանական ընթացքին մէջ չե՞ն, նոյն ցեղասպանականները չե՞ն, նոյն մարդկային-ազգային արիւնարբուները չե՞ն:

Անշուշտ ե՛ն եւ «էն էլ ո՜նց», սակայն, մէկ տարբերութեամբ, որ այսօր, ի՛նք դարձած է «ֆաշիզմ»ի կարկառուն տխեղծներէն մէկը:

Այս բոլորի լոյսին տակ, ո՞ւր պէտք է տեսնել կամ գտնել, արաբական գետնի վրայ, արաբական աշխարհի գերակայութիւնը, մէկութիւնը եւ միասնականութիւնը:

Առ այդ, կա՞յ նման հաւանականութիւն մը, համախմբուածութիւն մը կամ միասնականութիւն մը, ուր՝ արաբականութիւնը կը միաւորուի, արաբական աշխարհը կը մէկտեղուի, արաբները կը նոյնանան:

Հո՛ս է հանգուցային թնճուկը, իր լուծումի, դարմանումի ու կարգաւորումի բազմազանութեամբ, տնօրինութեամբ ու հզօրութեամբ, ուր ցոյց կրնայ տրուիլ, թէ արաբները ո՞րքանով գիտակից են իրենց վիճակուած ճակատագիրի գոյակեցութեան ապագայով եւ ինչպէ՞ս կրնան ճշդորոշել իրենց համակեցութեան տուեալները, ի տես հոսկէ ու հոնկէ փոթորկող ալիքներուն ու վերիվայրումներուն:

                                              ***

Արաբական աշխարհը, իր հիմնական կորիզներով, արդեօք, ուղղակի թէ անուղղակի արեւելումներով, պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին մը չունի՞, իր արիւնակից-եղբայրակից աղէտեալ զանգուածներուն (իմա՝ պաղեսինցիներուն) վիճակուած դժոխային ճակատագիրով տագնապելու, մտահոգուելու, խռովելու կամ վրդովելու, զանոնք թողլքելով, անտեսելով ու մեկուսացնելով իրենց հայրենիքէն, ժողովուրդէն, հողէն ու արմատներէն, դիտորդի դերով հանդէս գալու միամտութեամբ:

Քանի մը ամիս տեւած ցեղասպանական սպանդին դիմաց, արաբական աշխարհը ի՞նչ ըրաւ բառնալու համար քաոսը, խողխողումը, արդիւնահեղութիւնը, բռնաշրջափակութիւնը, սովամահութիւնը, երեխասպանութիւնը, տեղահանութիւնը ու բազմաթիւ այլ չարագործութիւնները, գէթ թեթեւցնելու կամ մեղմացնելու ԿՐԾՈՂ ցաւերը:

Հետաքրքրական է, ինչո՞ւ այդ «մռայլ հանդիսատեսները», ամէն ինչ ձգած կամ յանձնած են եւրոպական խամաճիկ պետութիւններուն, իսկ իրենք կը փայլին (՞) իրենց ստուերային ներկայութիւններով:

Եւրոպացին ե՞րբ լրջօրէն, անկեղծօրէն եւ արդարօրէն զօրավիգ կանգնած է արեւելքցիին, ընդհուպ՝ արաբին կամ հայուն, որ այսօր պաղեստինեան հարցին «լուծում»ը ամբողջութեամբ նետուած է անոր գիրկը, ի՞նչ ընելու համար, որո՞ւն պաշտպանելու եւ ինչպէ՞ս կողմնորոշուելու, այնքան ատեն որ՝ պատմութիւնը վկայ, ան միշտ ալ դասալիքի եւ երկերեսանիութեան մէջ գտնուած է:

(Ի դէպ, հայապատկան ԿԻԼԻԿԻԱն ինչպէ՞ս կորսնցուցինք, եթէ ոչ նո՛յն այդ եւրոպացիներուն խաղքութեամբ, խայտառակութեամբ եւ ամօթալիութեամբ, ու տակաւին այս օրերուն գովքը կը կատարուի անոնցմէ ոմանց վատահամբաւութեան ցնորամտութիւններուն):

Բաց աստի, կ’արժէ յիշել 1948ի բռնագաղթէն ետք, պաղեստինցիներուն ընդունման ու տեղաւորման, ֆինանսաւորման ու կարգաւորման զօրակցելու եւ օժանդակելու պատրաստակամութեան մէջ, արաբները եւ յատկապէս Ծոցի երկիրները, յանձնառու եղան զանոնք պատսպարելու ու պաշտպանելու, ամենէն աւելի Լիբանանին վրայ «բեռցնելով» զանոնք, խոստանալով մնայուն հոգատարութիւն եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն անոնց նկատմամբ:

Սակայն, Լիբանանին այդ բարեացակամութեան գինը, մինչեւ օրս ան կը վճարէ, նոյնիսկ 1975-1992-ի ներլիբանանեան միջհամայնքային արիւնոտ եւ աւերոտ պատերազմի մը սուղ տուրքերով:

Ինչո՞ւ այս մէջբերումները, յիշեցումները ու գրառումները, պարզապէս շեշտելու համար, որ՝ արաբները, իրենց քանակով ու դիրքով, հարստութեամբ ու կարելիութեամբ, աշխարհագրութեամբ ու մօտիկութեամբ, գէթ անցեալի իրենց սխալներէն ու շեղումներէն ձերբազատուելու կամ չկրկնելու համար զանոնք, իրենց իրաւունքները ու դատերը, շահերն ու հաշիւները իրենք պէտք է պաշտպանեն, առանց դիմելու օտարոտի աղբիւրներու, ինչպէս այս օրերուն, Արեւմտեան երկիրներուն ձեռքը ձգելով իրենց ներքին թէ արտաքին հիմնահարցերը ու մարտահրաւէրները դիմակայելու փորձութիւնները, որոնցմէ ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կայ փրկութիւն ու լուծում (ԱԿԱՆՋԸ ԽՕՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ):

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)