image

Օրբէլեանը խաբեբայութեան զոհ

Օրբէլեանը խաբեբայութեան զոհ

Աշխարհահռչակ խմբավար, Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէթի ազգային ակադեմիական թատրոնի նախկին տնօրէն Կոնսթանթին Օրբէլեանը խաբեբայութեան զոհ դարձած է:

Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ Օրբէլեանը դիմած է իրաւապահ մարմիններուն եւ յայտնած, թէ 3 տարի առաջ բաւականին մեծ գումար մը տուած է քաղաքացիի մը, որ ցարդ այդ գումարը չէ վերադարձուցած: Օրբէլեանը յայտնած է, որ յուլիս 2016 թուականին, Երեւանի նոտարական գրասենեակներէն մէկուն մէջ, իր եւ Գ.Մ. ի միջեւ կնքուած է առեւտրական պայմանագիր մը, որուն հիման վրայ պարտքի տուած է Գ.Մ.ին մօտաւորապէս 600 հազար ԱՄՆ տոլար, սակայն վերջինս չարաշահելով իր վստահութիւնը, տիրացած է գումարին:

Շենգաւիթի ոստիկանական հետաքննչական բաժանմուքը կը նախապատրաստէ դէպքի կապակցութեամբ նիւթերը եւ կ'աշխատի պարզաբանելու հանգամանքները:

Լուրը ՝ «Նիւզ»  կայքէն։