Յառաջիկայ օրերուն յատուկ միջոցառութեան մը ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նուիրեալ Պէշկէօթիւրեան ամոլին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան» կողմէ տարածուած հաղորդագրութենէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ կեդրոնի բարերարներ Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեաններուն եւ մահացած բոլոր վարչական անդամներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յաւարտ Ս. պատարագի, Կիրակի, 14 Ապրիլին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Ապա պիտի բացուի սիրոյ սեղան մը միութեանս Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ։
Կեդրոնի հիմնադրութեան պատմութիւնը սահիկներու օժանդակութեամբ պիտի ներկայացնէ վարչութեան նախկին ատենապետներէն տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան։
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, իսկ հանդիսութեան աւարտին՝ վերոյիշեալ բոլոր հանգուցեալներու յիշատակին կեդրոնի բակին մէջ պիտի տնկուի նուռի ծառ մը։
Բայց ինչո՞ւ նուռի ծառ. որովհետեւ նուռը հայկական ազգային այն խորհրդանիշն է, որ կը ներկայացնէ կեանք, իսկ անոր հատիկները՝ սերնդագործութիւն։ Բոլոր թէքէեանականները եւ գաղութիս մշակութասէր հասարակութիւնը սիրով կը հրաւիրուին՝ յարգելու մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած սիրելիներուն խնկելի ու անթառամ յիշատակը։