image
Հրատապ լուրեր:

Նոր վտանգաւոր զարգացում ռուս-ուքրանական պատերազմին առընթեր. Խրիմի կամուրջը ահաբեկչութեան թիրախ

Նոր  վտանգաւոր զարգացում ռուս-ուքրանական պատերազմին առընթեր. Խրիմի կամուրջը ահաբեկչութեան թիրախ

Խրիմի կամուրջի վրայ բեռնատար մեքենայի պայթում տեղի ունեցած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէն։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Խրիմի կամուրջի հատուածներէն մէկուն վրայ ուժեղ հրդեհ բռնկած է, այրած է վառելիքով լի ամբար (ցիստերն): Երթեւեկութիւնը կամուրջի վրայ դադարեցուած է։

«Այսօր՝ ժամը 06:07-ին, Թամանի թերակղզիի կողմէն Խրիմի կամուրջի մոպիլային (ինքնաշարժ կառքերու) մասին մէջ տեղի ունեցած է բեռնատար մեքենայի պայթեցում` յանգեցնելով երկաթուղային կազմի եօթ վառելիքի ամբարներու (ցիստերն) բռնկման, որոնք կ'ընթանային Խրիմի թերակղզիի ուղղութեամբ»,-նշուած է ԱՀԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Կոմիտէի տուեալներով՝ կամուրջի երկու մոպիլային հատուածները մասամբ փլուզած են։

Կամուրջի նաւարկելի հատուածի վրայի կամարը վնասուած չէ։

Յիշեցնենք, որ «Ռոսմորրեչֆլոթ»ի մամուլի ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ Խրիմի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած միջադէպի պատճառով նաւագնացութիւնը չէ դադարեցուած: