ԽՍՀՄ-ը վերականգնելը անհնար է եւ ոչ նպատակայարմար, յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, կը հաղորդէ ria.ru-ն։
«Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելը հնարաւոր չէ եւ նպատակայարմար չէ շարք մը պատճառներով՝ հաշուի առնելով նախկին Խորհրդային Միութեան որոշ հանրապետութիւններու մէջ ժողովրդագրական գործընթացները»,- ուղիղ եթերի ժամանակ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցերուն յայտարարած է ՌԴ նախագահը։
Խորհրդային Միութիւնը, որ բաղկացած էր 15 հանրապետութիւններէ, դադրած է գոյութիւն ունենալ 1991 թուականի 25 Դեկտեմբերին, երբ Միխայիլ Կորպաչովը յայտարարեց նախագահի պաշտօնին իր գործունէութեան դադարեցման մասին: Ատոր նախորդած էր Պելովեժեան համաձայնագրի ստորագրումը, որուն մէջ կը խօսուէր ԽՍՀՄ պատմութեան աւարտի եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան ստեղծման մասին։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ