image
Հրատապ լուրեր:

Սէյրան Օհանեանի տիկնոջ՝ Ռուզաննա Օհանեանի դէմ քրէական վարոյթը հասած է դատարան

Սէյրան Օհանեանի տիկնոջ՝ Ռուզաննա Օհանեանի դէմ քրէական  վարոյթը  հասած  է դատարան

Պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սէյրան Օհանեանի տիկնոջ՝ Ռուզաննա Խաչատրեանի վերաբերեալ քրէական վարոյթը դատարանն է։ «Դատալեքս» համակարգի համաձայն՝ քրէական գործը մակագրուած է Հակափտածութեան դատարանի դատաւոր Արամ Գրիգորեանին։  Այս մասին կը հաղորդէ «Փաստինֆո»ն:

Քրէական գործը կը վերաբերի գոյքի օտարման եւ յայտարարագրերու մէջ երկու անշարժ գոյքի առկայութիւնը թաքցնելուն։ Մասնաւորապէս, ըստ մեղադրանքի, Ռուզաննա Խաչատրեանը  2021 թուականի դեկտեմբեր 13-էն 2022 թուականի յունիս 23-ն ինկած ժամանակահատուածին կազմակերպած եւ ղեկավարած է Աննա Բադալեանի եւ Կարինէ Մարգարեանի կողմէ քաղաքացիական գործով ապացոյցներ կեղծելը, կազմակերպած եւ ղեկավարած է Աննա Բադալեանի կողմէ քաղաքացիական գործով արգելանքի տակ գտնուող գոյքերու նկատմամբ ապօրինի գործողութիւններու կատարումը, որ դրսեւորուած է այդ գոյքերն ապօրինի օտարելով, ինչպէս նաեւ, 2022 թուականէն մինչեւ 2024 թուականն ինկած ժամանակահատուածին, հանդիսանալով Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած յայտարարագիր ներկայացնելու պարտականութիւն ունեցող անձ, իր կողմէ ներկայացուած յայտարարագրերուն մէջ թաքցուցած է յայտարարագրման ենթակայ թիւով 2 անշարժ գոյքերու վերաբերեալ տուեալները, որ յանգեցուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքերու չյայտարարագրման:

Քրէական գործով Խաչատրեանէն բացի մեղադրեալի կարգավիճակ ունին նաեւ անոր ազգականները՝ Աննա Բադալեանը եւ Կարինէ Մարգարեանը։ Բոլոր մեղադրեալներու նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է բացակայելու արգելքը։