image

«Նման հարցեր պէտք է քաղաքական ուժերը քննարկեն» Վ. Բալայեան ԼՂՀ նոր սահմանդրութեան մասին

«Նման հարցեր պէտք է քաղաքական ուժերը քննարկեն» Վ. Բալայեան ԼՂՀ նոր սահմանդրութեան մասին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգը չէ ներկայացուած: Այս մասին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

Խորհրդարանի փոխնախագահը նաեւ ըսած է, որ օրինագիծը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ներկայացուի նոյեմբեր ամսուան աւարտին: Ինչ կը վերաբերի հանրային քննարկումներուն, Վահրամ Բալայեան ըսաւ, որ բոլորը ծանօթ չեն սահմանադրութեան փոփոխութեան նրբութիւններուն. «Նման հարցեր պէտք է քաղաքական ուժերը քննարկեն, կողմնորոշուին, եզրայանգումներու հասնին, ապա իրենց դատողութիւնները, վերլուծութիւնները հանրութեան դատին ներկայացնեն ու կողմնորոշեն հանրութիւնը»,-ըսած է ան:

Թէ նոր Սահմանադրութիւնը ե՞րբ կը դրուի հանրաքուէի, Վահրամ Բալայեան նշեց, որ կը քննարկուի 2017-ի սկիզբը, հաւանաբար` փետրուարին: