image

Նիւ Եորքի մէջ ատելութեան ֆոնի վրայ սպանդ գործած ամերիկացին նպատակ ունէր թիրախ դարձնել նաեւ Էրտողանը (Տեսանիւթ)

Նիւ Եորքի մէջ  ատելութեան ֆոնի վրայ սպանդ գործած ամերիկացին նպատակ ունէր թիրախ դարձնել   նաեւ Էրտողանը  (Տեսանիւթ)

Ամերիկեան ԶԼՄ-ներ դէպքին մասին լրատւութիւն կատարելով նշած էին, որ այն տեղի ունեցած է ատելութեան ֆոնի ավրայ, իսկ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտելով դէպքը կոչ ըրած էր Ամերիկայի հասարակութեան ձերբազատուիլ   ամէն  տեսակի ատելութեան զգացումներէն։

 18-ամեայ ամերիկացի յանցագործ՝ Պէյթըն Ճէնտրոնի (Payton Gendron)

կողմէ հրապարակուած եւ 180 էջերէ բաղկացող «յայտարարութեան» մէջ եղած են երեւելի բազմաթիւ անուններ, որոնց հանդէպ Ճէնտրոն ունեցած է ատելութեան զգացում եւ նպատակ ունեցած զանոնք հաշուեյարդարի ենթարկել։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Արապիյա» կայանէն։

 Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ ատելավառ զգացումներ ունեցող ամերիկացին իրեն համար թիրախ կը համարէր Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանը, Լոնտոնի քաղաքապետ Սատէք Խանը եւ ամերիկացի յայտնի գործարար Ճօրճ Սորոսը։

Ճէնտրոն նաեւ կոչ ուղղած էր սպիտակամորդ ամերիկացիներուն, որպէսզի «արագօրէն ուշքի գան եւ նպատակ դնեն սպաննել սեւամորթ ամերիկացիները»։

Յիշեցնենք, որ 15 մայիսին Նիւ Եորքի մերձ գտնուող «Պաֆըլո» քաղաքին մէջ  ամերիկացի  երիտասարդը  կրակ բացած էր մեծ վաճառատան մը մէջ գտնուող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ալ 10 անձեր սպանուած էին։

 Կրակոցներէն անմիջապէս ետք դէպքի վայր հասած իրաւապահ մարմինները կարողացած էին ձերբակալել  մեղադրեալ-յանցագործը եւ առնել զինք կալանքի տակ։