Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ ծաղիկներ խոնարհած է Ազգային Ժողովի այգիին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողի մօտ եւ յարգանքի տուրք մատուցած 1999 թուականի հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհ դարձած պետական եւ քաղաքական գործիչներու յիշատակին: