image

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան. «Խաղաղութիւնն է սուրբ, ոչ թէ պատերազմը»

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան. «Խաղաղութիւնն է սուրբ, ոչ թէ պատերազմը»

Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ, դատապարտած է Միջին Արեւելքի պատերազմը՝ զայն համարելով անարդար եւ քաղաքական ու տնտեսական շահերու հետեւանք։ Ան նկարագրած է Լիբանանի մէջ տիրող քաոսը, տեղահանուածներու ճգնաժամը եւ Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքէն եկող լռութիւնը՝ վերահաստատելով աղօթքի եւ դիւանագիտութեան ի սպաս կոչը։

«Պատերազմը պարզապէս պատրուակ է՝ արդարացնելու չար և յանցաւոր արարքները։ Ամբողջ այս վիճակը, ըլլայ Լիբանանի եւ Միջին Արևելքի մէջ, արդարացուցիչ չէ։ Եթէ կայ խօսելու, երկխօսելու և դիւանագիտական լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւնն, ինչո՞ւ հրաժարիլ անոնցմէ։ Մէկ մեթր աւելի հողի համար՞: Մէկ լիթր աւելի նաւթի համա՞ր։ Ոչ մէկ բան կ՛ արդարացնէ պատերազմը»։ Այս է այն ին որ հաստատեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի պատկան «ՍԻՐ» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

Ան նաեւ իր մտահոգութիւն յայտնեց Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքին համար, որուն հետ ներկայիս կարելի չէ կապ հաստատել դիտել տալով` թէ հակառակ լռութեան եւ անորոշութեան վիճակին, տեղւոյն եպիսկոպոսը մնացած է երկրին մէջ։

Նկարագրելով Պէյրութի իրավիճակը՝ Մինասեան հայրապետը խօսեցաւ քաոսի եւ յաճախ մոլորած բնակչութեան մասին։ Անոր համաձայն՝ երբ բնակիչները կը զգուշացնեն, որ պիտի ռմբակոծեն որոշ շրջաններ եւ կը խնդրեն լքել տուները, այդ նախազգուշացումները կը վերածուին բնակչութեան տեղահանութեան եւ տարածքներու կործանման։ Արդիւնքին մէջ մարդիկ այլեւս չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները։ Այսպիսով, պատերազմի ողբերգութեան կ՛աւելնայ նաեւ բարոյական խաբէութիւնը։

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ Պատրիարքը ընդգծեց լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցութեան իւրայատուկ զգացումը։ «Քրիստոնեաներ եւ ոչ քրիստոնեաներ միասին կը հիւրընկալեն տեղահանուածները՝ ցոյց տալով, որ վտանգի պահուն կրօնական տարբերութիւնները երկրորդական կը դառնան», ըսաւ Ան յիշելով նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Լիբանան այցելութեան առիթով թողած ժառանգութիւնը` այն մեծ յոյսը եւ այն զգացումը, որ Եկեղեցին չի մոռնար այս տարածաշրջանի հաւատացեալները։

Վերջապէս ան կոչ ուղղեց Եւրոպայի եկեղեցիներուն եւ աշխարհի կառավարութիւններուն կրկնելով Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը թէ «Խաղաղութիւնն է սուրբ, ոչ թէ պատերազմը» ու թէ հարկ է «աշխատիլ խաղաղութեան համար»։

Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու կողմէ 13 մարտին կազմակերպուած խաղաղութեան համար աղօթքի օրուան առիթով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու խաղաղութեան եւ քաղաքական առաջնորդներուն համար, որպէսզի անոնք հրաժարին մրցակցութենէ եւ բռնութենէ եւ միշտ ընտրեն երկխօսութեան ուղին։

Ան ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ աղօթքը մեծ ուժ է, սակայն պէտք է անոր ուղեկցիլ գործնական յանձնառութեամբ՝ չաջակցելով եւ չքաջալերելով պատերազմները։