image

Ձնախառն անձրեւ կը սպասուի

Ձնախառն անձրեւ կը սպասուի

Միջերկրական ծովու շրջաններէն ցիկլոնի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած մարտ 14-ին` առանձին շրջաններու մէջ, 15-16-ին` շրջաններու մեծ մասին մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային գօտիներու մէջ ձիւնի, նախալեռնային եւ հովտային գօտիներու մէջ ձնախառն անձրեւի եւ անձրեւի տեսքով։ 

Մարտ 15-16-ին Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի բարձրադիր գօտիներու մէջ, Արագածոտնի, Կոտայքի, Վայց ձորի, Սիւնիքի լեռնային գօտիներու մէջ, Գեղարքունիքի մէջ պիտի տեղայ ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ ձիւնի տեղումները պիտի ըլլան զգալի, ուղեկցելով բուքով եւ ցած հորիզոնական տեսանելիութեամբ, ճանապարհներուն կը  դիտուի մերկասառոյց։

Վարորդներուն կոչ կ՚ընենք նշուած հատուածներ երթեւեկել ձմեռային անուադողերով եւ ցուցաբերել զգօնութիւն։