image

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի շինարարական ծրագրերը եւ ձեռնարկները

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի շինարարական ծրագրերը եւ ձեռնարկները

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի ապագայակերտ առաքելութինւը Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ

Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան թեմի հիմնադրման 100-ամեակին ընդառաջ, որ պիտի լրանայ 2027 տարեթուին, պատրաստած ենք եւ յաջորդաբար պիտի հրապարակենք յօդուածներու շարք մը՝ նուիրուած Թեմի բազմաբնոյթ առաքելութեան, ձեռնարկուած մեծածաւալ քայլերուն ու հեռանկարային ծրագիրներուն։ 

Ընթերցողներու լայն շրջանակի ուշադրութեանը եւ մամուլի միջոցներուն յանձնուող այս հրապարակումները նուիրուած են Թեմի հարուստ հոգեւոր, կրթական եւ դաստիարակչական գործունէութեան, հրատարակչական նախաձեռնութիւն-ներուն, մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքներուն, համայնքներու վերակազմակերպման եւ նոր ծուխերու հաստատման գործընթացներուն, հոգեւորականաց կազմաւորման եւ պատրաստութեան ծրագիրներուն, շինարարական լայնածաւալ եւ այլ բազմաթիւ ձեռնարկներուն։ 

Բոլոր այս նախաձեռնութիւնները կ՛իրագործուին Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ, Թեմական Խորհուրդի հետեւողական հոգատարութեամբ, հոգեւոր հովիւներու անձնուէր ծառայութեամբ, Առաջնորդարանի անձնակազմի կազմակերպուած ներդրումով, հաւատացեալ հայորդեաց նուիրեալ մասնակցութեամբ՝ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ յանսասանութիւն մեր ազգին։ 

Այսպիսով, շարունակաբար պիտի անդրադարձ ունենանք 100-ամեայ Արեւմտեան թեմի ձեռքբերումներուն թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ հաստատութենական առումներով։ 

Շարքի առաջին այս հրապարակումը կը պատմէ թեմի շինարարական, եկեղեցաշէն ընթացքի մասին։ 

 

Դիւան Առաջնորդարանի
Մարտ, 2026

1. 

ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ
ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԼՈՒՍԱՈՐՈՒԱԾ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔՈՎ ԿԵՐՏՈՒԱԾ
ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

ՄՕՏԵՆԱԼՈՎ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը իր Առաջնորդարանով, եկեղեցիներով եւ յարակից կրթական ու համայնքային կառոյցներով տասնամեակներ շարունակ Լոս Անճելըսի եւ բազմաթիւ ծուխերու մէջ հանդիսացած է հոծ թիւով հայորդիներու հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական եւ երիտասարդական կեանքի կենսատու կեդրոնը։ Հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի իմաստուն առաջնորդութեան ներքոյ այս սրբազան կառոյցները դարձած են հայրենի հողի շունչը եւ Մայրենի Եկեղեցւոյ կենդանի մարմնաւորումը՝ սերունդներու հոգիներուն մէջ արմատաւորելով քրիստոնէական հաւատքը, մայրենի լեզուն, հայեցի ինքնութիւնը եւ Հայրենիքին ու Եկեղեցւոյ ամբողջանուէր նուիրուածութեան խոր գիտակցութիւնը։  «Եկայք շինեսցուք Սուրբ զԽորանն լուսոյ» շարականագրի այս քաղցր  կոչը  Սրբազան Հօր համար հոգւոյն մէջ հնչեց իբրեւ մշտարթուն ղօղանջ՝ դառնալով ծառայութեան շունչն ու առաջնորդական աղօթանուէր խոստում, քարեղէն կառոյցներուն զուգահեռ հայ հոգւոյն մէջ նաեւ հոգեւոր տաճարը կերտելու, ուր հաւատքը կը շողայ եւ ազգին սիրտը կը բաբախէ լոյսի մէջ։

Առաքելական դարաշրջանէն Եկեղեցին եղած է ոչ միայն աղօթքի տուն, այլ համամարդկային վեհ արժէքներու անսասան բերդը։ Իսկ Հայոց Եկեղեցին, մանաւանդ հայրենիքէն դուրս՝ սփիւռքի տարածքին ստանձնած է նաեւ գոյապահպանման վճռորոշ դեր։ Օտարութեան մէջ ապրող հայուն համար Հայոց Եկեղեցին դարձած է ազգային ինքնութեան, հաւատքի, լեզուի, աւանդութեանց եւ պատմական յիշողութեան պահապանման նուիրական կեդրոն։ Ճարտարապետական քարեղէն եզակի կառուցուածքէն բացի ու անդին դարերու ընթացքին Հայոց Եկեղեցին եղած է աստուածային հոգեւոր հաստատութիւն մը, որ կրօնական ու մշակութային գանձերու պահպանութեամբ կերտած է սերունդներու հոգեւոր ու հայեցի դիմագիծը։ Սուրբ Պատարագի սրբազան խորհրդաւորութիւնն ու եկեղեցական արարողութիւնները սերունդներ շաղկապած են իրարու, իսկ  բարձրագոյն ուսում ստացած հոգեւորականներու փաղանգը, դաստիարակներն ու մշակութային գործչները եւ առ հասարակ ծառայութեան հրաւիրուած պատասխանատուները, ամրապնդած են համայնքային կեանքը եւ նոր հեռանկարներով ընդարձակած են Առաջնորդարանի առաքելութիւնը։ Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած են մեր զաւակները՝ սորվելով մայրենի լեզուն, հայրենական երգ, շարական ու աղօթքը, եւ այդ սրբազան միջավայրին մէջ ստացած են իրենց հայկական ինքնութեան ամուր հիմքը։

Անդրադառնալով իր հիմնադրութեան հարիւրամեակին՝ Արեւմտեան Թեմը այսօր կը կանգնի պատմական հանգրուանի մը առջեւ՝ հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ վճռակամ շարունակելու հայակերտումի սրբազան գործը։ Մօտենալով դարադարձին՝ ան ոչ միայն չէ նահանջած ժամանակներու եւ պայմաններու մարտահրաւէրներուն առջեւ, այլ ընդհակառակը՝ նոր եռանդով եւ տեսլականով այսօր կը ձեռնարկէ բազմաթիւ շինարարական լայնածաւալ նախաձեռնութիւններ։ Նոր մարտահրաւէրնե-րու եւ համայնքային աճող կարիքներու լոյսին տակ Արեւմտեան Թեմը լծուած է շինարարական հսկայական ծրագիրներու իրականացման, որոնք կոչուած են առաւել եւս հարստացնելու անոր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային առաքելութիւնը, ամրապնդելու կազմակերպուած կեանքը եւ ապահովելու գալիք սերունդներու ազգային ու եկեղեցական շարունակականութիւնը, օտարութեան այս ափերուն։

Այս ծիրէն ներս, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իր աւելի քան երկու տասնամեայ նուիրեալ առաջնորդութեան շրջանին յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է շինարարական լայնածաւալ ծրագիրներու։ Անոնք եղած են ո՛չ միայն աղիւս ու քար, այլ տեսիլք ու ապագայակերտ յանձնառութիւն՝ ծնած համայնքներու կարիքէն, իրագործուած Սրբազան Հօր եւ ժողովականութեան համակարգուած ու բծախնդիր աշխատանքով, խոհեմութեամբ եւ հետեւողական ճիգերով։  

Այստեղ յաջորդաբար պիտի անդրադառնանք Արեւմտեան Թեմի շինարարական կարեւոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք նոր շունչ ներշնչեցին համայնքներու կեանքին եւ ծաղկեցուցին ծուխերու հոգեւոր, կրթական ու մշակութային գործունէութիւնը։ 

 

ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ

Անցնող մօտ երկու տասնամեակներուն, Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Արեւմտեան Թեմի տարածքին բարձրացան նոր եկեղեցիներ, որոնք հազարաւոր հայերու համար դարձան աղօթքի բաբախող սրբավայրեր եւ համայնքային վերածնունդի օճախներ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր օծման օրով բացաւ նոր էջ մը Արեւմտեան Թեմի տարեգրութեան մէջ։

Կլէնտըլի Ս. Պետրոս Եկեղեցին (Օծուած՝ 4 Յունուար 2004) 

Կլենտըլի զարգացող համայնքին մէջ Ս. Պետրոս Եկեղեցին հաստատուեցաւ որպէս կայունութեան եւ ամուր հաւատքի խորհրդանիշ՝ նշանակալի դեր կատարելով հայութեան հոգեւոր 4եանքին ամրապնդման եւ համայնքային համախմբման մէջ։

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ երրորդ կառոյցը (Օծուած՝ 29 Սեպտեմբեր 2007) Կատարուած ընդարձակումը նոր թափ եւ կենսունակութիւն հաղորդեց Հայ Եկեղեցւոյ Լուսաւորչեան առաքելութեան՝ ամրապնդելով ծուխի կրթական եւ հոգեւոր ծառայութիւնները եւ հաստատելով համայնքի զարգացման բնական ընթացքը։

Փորթլանտի Ս. Գէորգ Եկեղեցին (Օծուած՝ 22 Մարտ 2009)
Հեռաւոր հիւսիսին մէջ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութիւնը դարձաւ խիզախութեան եւ հաստատամտութեան նշան՝ նուիրեալ համայնքը համախմբելով մէկ խորանի շուրջ։

Սքաթսդեյլի Ս. Աբգար Եկեղեցին, Արիզոնա (Օծուած՝ 20 Սեպտեմբեր 2009)
Հայոց Աբգար թագաւորի անունը կրող այս սրբավայրը դարձաւ հաւատքի հնագոյն աւանդութեան յիշեցում՝ Արիզոնայի արեւաշող հորիզոնին տակ հաստատելով հայ քրիստոնէական հաւատքի կենդանի ներկայութիւնը։

Սանթա Քլարիթայի Ս. Սարգիս Եկեղեցին (Օծուած՝ 20 Դեկտեմբեր 2009)
Ս. Սարգիսի խիզախ ու մարտական ոգին նորաստեղծ համայնքին ներշնչեց վստահութիւն եւ եռանդ՝ եկեղեցին վերածելով երիտասարդ սերունդի եւ ընտանիքներու կենսաբուխ համախմբումի օճախի։

Պրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարը (Օծուած՝ 11 Սեպտեմբեր 2010)
Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարը բարձրացաւ որպէս վեհաշուք հոգեւոր կեդրոն՝ մարմնաւորելով Ղեւոնդեանց քահանայից անջնջելի յիշատակը։ Սրբազան Հօր եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւի անդուլ ճիգերով ան վերածուեցաւ հազարաւոր հայորդիներու համախմբման սրբավայրի՝ յատկապէս կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագներուն եւ տաղաւար տօներու հանդիսաւոր արարողութիւններուն առիթով, դառնալով թեմի բաբախող սիրտը։

Ռենչո Միրաժի Ս. Կարապետ Եկեղեցին (Օծուած՝ 7 Յունուար 2012)
Անապատի խաղաղ տարածքին մէջ Ս. Կարապետ Եկեղեցին դարձաւ հոգեւոր նորոգութեան եւ ներհայեցողութեան ձայն՝ իր շուրջ համախմբելով հաւատացեալները աղօթքի եւ հաղորդութեան հոգեւոր ու հայեցի սրբազան շրջանակին մէջ։

Սիաթըլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին (Օծուած՝ 14 Յունուար 2012)
Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմի այս տարածքին մէջ վեր խոյացաւ իբրեւ յոյսի կենդանի խորհրդանիշ՝ էապէս ամրապնդելով համայնքի հոգեւոր կեանքը եւ անսասանութիւնը։

Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին (Օծուած՝ 6 Մայիս 2016)
Միլիոնաւոր զբոսաշրջիկներով ողողուող այս աշխոյժ քաղաքին մէջ Ս. Կիրակոս Եկեղեցին դարձաւ խորհրդանշական եւ յատկանշական ներկայութիւն՝ հաստատելով Հայոց Եկեղեցւոյ կենդանի վկայութիւնը նոր հորիզոններու դիմաց։

Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցին (Օծուած՝ 20 Օգոստոս 2016)
Առաքելոց անունով օրհնուած այս եկեղեցին վերածուեցաւ առաքելական ծառայութեան եւ քարոզչական նուիրումի կենդանի խորհրդանիշի՝ հովիտի մէջ ապրող հայութեան մէջ տարածելով Աւետարանի կենարար լոյսը։

Սան Տիեկոյի Ս. Սարգիս Եկեղեցին (Օծուած՝ 29 Յունուար 2022)
Ինչպէս վերեւ նշուած եկեղեցիներու պարագային Ովկիանոսի ափին սլացած Ս. Սարգիս եկեղեցին եւս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի համար դարձաւ հաւատքը պահելու եւ հայութիւնը համախմբելու յաջողութեան նոր խորհրդանիշ՝ տքնաջան աշխատանքով եւ հաւաքական նուիրումով երկար սպասուած երազի իրականացում։

Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ Եկեղեցին (Օծուած՝ 30 Ապրիլ 2022)
Ս. Յակոբ Եկեղեցին կանգնեցաւ որպէս ուխտի եւ նուիրեալ ծառայութեան նոր հանգրուան՝ ամրապնդելով հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայութեան հոգեւոր կեանքը։

Սրբազան Հօր ձեռամբ օծուած բոլոր եկեղեցները Արեւմտեան Թեմի տարածքին մէջ կը կազմեն աղօթքի լուսաշղթայ մը, վկայելով, թէ՝ ուր Հայոց Եկեղեցի կը բարձրանայ, հոն կը բաբախէ հայու հոգին, եւ միասնական ճիգերով կը շարունակուի մեր հաւատքի յաղթական երթը։ Այս սրբավայրերուն մէջ ամրապնդուեցաւ հայու նկարագիրը, վերակենդանացան Աւետարանի ճշմարտութիւնները, հազարաւոր հայորդիներ արժանացան Սուրբ Մկրտութեան ու Եկեղեցւոյ անդամագրութեան՝ ապահովելով գալիք սերունդներու շարունակականութիւնն ու յարատեւութիւնը Հայրենիքէն հեռու այս ափերուն։ Շինարարական այս բոլոր իրագործումները պտուղն են Սրբազան Հօր առաջնորդական տեսլականին եւ վճռական կամքին, հոգեւորականութեան, ժողովականութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդի անսակակրկ նուիրումին։

 

ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ԾՐԱԳՐԵՐ

Առաջնորդարանի Ընդարձակում։ Նախորդող տարիներուն իրականացուած բազմաթիւ շինարարական ծրագիրներուն զուգահեռ, Սրբազան Հօր իմաստուն տնօրինութեամբ Առաջնորդարանէն ներս հաստատուեցան նոր բաժանմունքներ, որոնք էապէս ընդարձակեցին եւ խորացուցին անոր գործունէութեան ծիրը։ Հովուական, վարչական, ազգային եւ մշակութային ոլորտներուն կողքին զարգացան միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրները, երիտասարդական համախմբումները, լրատուական ծառայութիւններն ու բազմապիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք թեմական կեանքին տուին նոր որակ, նոր շունչ եւ համակարգուած ընթացք։ Այս բնական աճն ու բազմաճիւղ ծառայութիւնը անյետաձգելի դարձուցին Առաջնորդարանի ընդարձակումը՝ երկրորդ եւ երրորդ յարկերու կառուցումով։ Շինարարական այս կարեւոր  նախաձեռնութիւնը որ ներկայիս ընթացքի մէջ է նպատակ կը հետապնդէ արդարեւ աւելի լայն հորիզոններ բանալու Առաջնորդարանի քրիստոնէական եւ հայապահպանութեան զոյգ առաքելութիւններուն՝ ստեղծելով գործունէութեան աւելի յարմար ու ընդարձակ, արդիական ու արդիւնաւէտ պայմաններ։

Կլէնտըլի Հրաշակերտ Հոգեւոր ու Կրթական Համալիր։ Առաջնորդարանի ընդարձակման ծրագիրին կողքին, թեմական կեանքին մէջ արդէն մեկնարկած է շինարարական այլ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը՝ Կլէնտըլի հրաշակերտ համալիրը, հայկական եկեղեցիով, բացօդեայ խորանով, ամենօրեայ հայկական վարժարանով, մարզական սրահով եւ յարակից կառոյցներով, որ կլէնտըլահայութեան համար պիտի հանդիսանայ համայնքային 1եանքին նոր եւ եզակի կեդրոն մը։ 

Դպրոցաշինութիւն։ Սփիւռքի տարածքին հայ դպրոց կառուցելը պարզ կրթական նախաձեռնութիւն մը չէ, այլ գոյապահպանման ռազմավարական հրամայական։ Այս համոզումին գործնական արտայայտութիւնն են Լաս Վեկասի եւ Կլենտէյլի մէջ նախատեսուած հայկական վարժարաններու կառուցման աշխատանքները, որոնք մօտ ապագային պիտի մտնեն գործադրութեան փուլ։ 

Տարեցներու բնակարաններ։ Արեւմտեան Թեմի շինարարական լայնածաւալ տեսիլքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Արիզոնայի եւ Սան Տիէկոյի շրջաններուն համար շինարարական երկու կարեւոր ծրագիրներ, որոնք նուիրուած են տարեցներու բնակութեան եւ խնամքին։ Այս նախաձեռնութիւնները միայն բնակարանաշինական ձեռնարկներ չեն, այլ՝ մարդասիրական առաքելութեան արտայայտութիւններ՝ կոչուած ստեղծելու արժանապատիւ, ապահով եւ հոգատար միջավայր մեր համայնքի տարեց անդամներուն համար։ Մասնաւոր հոգածութեամբ եւ խոր հետաքրքրութեամբ Սրբազան Հայրը հետեւողականօրէն հետամուտ կ՛ըլլայ այս զոյգ ծրագիրներու իրագործման, որոնք թէեւ աւելի համեստ ծաւալով պիտի նմանին Արարատ Տան, սակայն կ՛ենթադրեն մեծածաւալ նիւթական յանձնառութիւն։

Շինարարական այլ ծրագրեր։ Ապագայ ծրագիրներուն մէջ կը ներառուին Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ ամբողջական տարածքի շինարարութիւնը, Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ կից սրահի կառուցումը, բնակարանային ծրագիրները, Սան Տիէկոյի նոր սրահի շինարարութիւնը, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կից բացօդեայ սրահի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Թեմէն ներս վանական համալիրի իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը, որ տակաւին սերտողութեան ընթացքի մէջ է։ Այս բոլոր կառոյցները կոչուած են ծառայելու եկեղեցական եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նպատակներու՝ ամրապնդելով համայնքներու հոգեւոր ու կազմակերպական հիմքերը։

 

ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ

Արեւմտեան Թեմի շինարարական բոլոր  նախաձեռնութիւնները բնականաբար կը պահանջեն հսկայական նիւթական միջոցներ, մանրակրկիտ նախապատրաստական աշխատանք, ճարտարապետական ուսումնասիրութիւններ, վարչական եւ օրէնսդրական հսկողութիւն, ինչպէս նաեւ հեռատես եւ համակարգուած ծրագրաւորում։ Անոնք երկարատեւ եւ պատասխանատու գործընթացներ են, որոնք կը պահանջեն համբերութիւն, ճշգրիտ ծրագրաւորում եւ հաւաքական նուիրում՝ յաջողութեան հանգելու համար։ 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեան, հոգեւորականաց դասը, թեմական ժողովականութիւնը եւ նուիրեալ ու բարեպաշտ հաւատացեալները, հաւաքական նուիրումով եւ անձնուրաց ծառայութեամբ, բծախնդիր ծրագրաւորումով ու հեռատես տեսիլքով, նոր սլացք կու տան շինարարական աշխատանքներուն ու Թեմական կեանքի վերակազմակերպումի այս համընդհանուր ձգտումին՝ ի խնդիր մեր սրբազան արժէքներու պահպանութեան։ 

Իբրեւ հաւատքի եւ երախտագիտութեան խորունկ արձագանգ կարելի է հաստատ համոզումով վկայել, թէ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ արդէն իրագործուած եւ յառաջիկային իրականացուելիք բոլոր շինարարական ծրագիրները ներշնչուած են լուսաւորչեան տեսիլքով, առաջնորդուած են անսակարկ նուիրումով ու հաւատքով, Թեմի հարիւրամեայ պատմութեան վերջին քառորդ դարը վերածելով ստողծագործ շինարարութեան ու վերելքի նշանակալի ժամանակաշրջանի։ 

Այս մեծագործ աշխատանքները իրականութիւն դարձան Սրբազան Հօր հեռատես առաջնորդութեամբ, թեմական խորհուրդներու ու շինարարական յանձնախումբերու բծախնդիր ծրագրաւորումով եւ շրջաններու հոգեւոր հովիւներու եւ ծխական խորհուրդներու անմնացորդ նուիրումով։ Մեծարանքի արժանի են բարերարները եւ անոնց  անձնուրաց ընծայաբերութիւնը, առանց որոնց այս ծրագիրները պիտի մնային թուղթի վրայ գծուած երազներ։ Անոնք իրենց հաւատքով ու նուիրումով Թեմի շինարարական իւրաքանչիւր մտայղացում վերածեցին իրականութեան եւ անոնց մէջ թողուցին իրենց անջնջելի հետքը։

«Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ»—այս դարձաւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր առաջնորդական նշանաբանը եւ համընդհանուր հրաւէրը, որով իւրաքանչիւր շինարարական նախաձեռնութիւն դարձաւ միջոց՝ Ամենակալի փառաբանութեան, հաւատքի ուխտի նորոգման եւ ծառայութեան նուիրումի խորացման։

* * *

Արեւմտեան Թեմէն ներս անցնող տասնամեակներուն կերտուած եւ գալիք տարիներուն կերտուելիք շինարարական կառոյցները պիտի վերածուին ժամանակին հետ խօսող յաւերժական վկայութիւններու՝ հայու անխախտ հաւատքին եւ կամքի տոկունութեան մասին։ Անոնք պիտի մնան դրոշմներ եղբայրական միասնութեան եւ հաւաքական վերազարթօնքի, քարեղէն արտայայտութիւններ ազգի ստեղծագործ ոգիին, ի փառս Ամենակալ Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Հայրենիքին եւ Մայրենի Եկեղեցւոյ, եւ յանսասանութիւն հայ ազգի։ 

 

Դիւան Առաջնորդարանի
Մարտ, 2026

* Կից ուղարկուած ֆոտոները վերջին շրջանի Արեւմտեան թեմի նորահաստատ եկեղեցիներէն են։