Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք ՝
Եւ այսպէս 65 ձայներով Նէպիհ Պըրրի ընտրուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ, մինչ երեսփոխաններ նախընտրեցին 23 ճերմակ քուէ նետել, իսկ 40 ուրիշներ իրենց պլոքին անունը տուին, կամ Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերուն, դրամատուներուն մէջ աւանդներ կորսնցուցածներուն, կամ բռնաբարուած կանանց, կամ ալ Լուքման Սըլիմի սպանութեան գործին արդարդութիւն պահանջեցին (այդ «քուէներ»ը ըստ օրէնսդրութեան չեղեալ կը համարուին)։ Պըրիի ընտրութիւնը ի դէպ այլընտրանք չունէր Լիբանանի համար։ Ան ոչ միայն Լիբանանեան թատերաբեմի, այլ շրջանային մակարդակի «խաղացող» մըն է։
Հասկցողը թող հասկնայ։