image

Նայիրի Սաղաթէլեանին դէմ մեղադրանք

Նայիրի Սաղաթէլեանին դէմ մեղադրանք

 

ՀՅԴ անդամ, Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան գիւղի բնակիչ Նայիրի Սաղաթէլեանին, 7 մայիսին, մեղադրանք առաջադրուած է: Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ին հաստատած է ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեանը։

 

Նայիրի Սաղաթէլեանը կը մեղադրուի բողոքի հաւաքներու մասնակիցներու դէմ զանգուածային բռնութիւններ կիրառելու վերաբերեալ հրահանգներ կատարելու համար։ Ան մասնակցած է Պռոշեան փողոցին մէջ Փաշինեանի դէմ 21 ապրիլին տեղի ունեցած բողոքի հաւաքին։

Նշենք, որ Նայիրի Սաղաթէլեանը ՀՅԴ անդամ Իշխան Սաղաթէլեանի եղբայրն է։

Յիշեցնենք, որ այսօր մեղադրանք առաջադրուած էր նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան գիւղի բնակիչ, ՀՅԴ անդամ Գուրգէն Սաղաթէլեանին։