Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ որոշած է ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդը գումարել 2022-ի Յունուար 12-ին։
Այս հանդիպումը կրնայ ըլլալ առաջինը երկուքուկէս տարուայ ընթացքին։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Յունուար 12-13-ը Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի ռազմական կոմիտէի նիստը՝ դաշինքի անդամ երկիրներու գլխաւոր շտաբներու պետերու մակարդակով։
Ըստ տեղեկութիւններուն, հանդիպման մասնակիցները մտադիր են քննարկել Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր՝ կապուած Ուքրանիոյ սահմանին ռուսական զօրքերու կեդրոնացման մասին հաղորդումներու հետ։