image

ՆԱԹՕ-ի Պատուիրակութիւնը այցելած է ատրպէյճանեան զօրամաս

ՆԱԹՕ-ի Պատուիրակութիւնը այցելած է ատրպէյճանեան զօրամաս

Ատրպէյճան պաշտօնական այցով գտնուող ՆԱԹՕ-ի պատուիրակութիւնը՝ Ցամաքային զօրքերու հրամանատարութեան շտաբի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Մուսթաֆա Օղուզի գլխաւորութեամբ, այցելած է N զօրամաս։

Ինչպէս տեղեկացուցած է APA-ն՝ յղում կատարելով պաշտպանութեան նախարարութեան, հիւրերուն տեղեկացուցած են զօրամասի պատմութեան, գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու եւ ՆԱԹՕ-ի ու Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան մասին, տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակութիւն երկկողմ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու վերաբերեալ։

«Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը, ծանօթանալով զօրամասի ունեցած մարտական միջոցներուն, մանրամասն տեղեկացուած է անոնց մարտավարական եւ տեխնիկական բնութագիրներու մասին։ Վերջաւորութեան տեղի ունեցած է նուէրներու փոխադարձ յանձնման արարողութիւն, ներկաները լուսանկարուած են»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։