Հայոց պատմութենէն դրուագներ ներկայացնող «Նուռ» օփերան, որուն հեղինակներն են Նաթալի Կարիպեան եւ Ֆապրիս Լըլոն, արժանացած է «Երաժշտական Ուսման Մրցանակ»ի, կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»ը:
Այս մրցանակները, որոնք հաստատուած են Երաժշտական գործեր հրապարակողներու ֆրանսական արհմիութենական պալատին (CEMF) կողմէ, կը պարգեւատրէ Ֆրանսայի երաժշտական դպրոցներուն եւ երաժշտանոցներուն մէջ՝ երաժշտութեան զարգացման նպաստող նախաձեռնութիւններ:
Այս տարի, երկրորդ անգամ ըլլալով կը յանձնուէին «Երաժշտական Ուսման Մրցանակ»ներ որոնք կը վարձատրէին 2014-15 տարեշրջանին տարբեր ճիւղերու՝ խմբագրական աշխատանքի, երաժշտութեան խանութներու, ճարտարագիտական նորարարութիւններու, երաժշտական ստեղծագործման, ներկայացումներու վերաբերող ծրագիրներ: