image
Հրատապ լուրեր:

Իրաք. Պարգեւատրուած է Արժ. Տ․ Արտակ Քհնյ․ Մերզոյեան

Իրաք. Պարգեւատրուած է Արժ. Տ․ Արտակ Քհնյ․ Մերզոյեան

Օրերս, Իրաքի Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի աշխատակազմին հետ հանդիպման ծիրէն ներս պարգեւատրած է Արժ. Տ․ Արտակ Քհնյ․ Մերզոյեանը, Իրաքի թեմէն ներս անոր Հոգեւոր ծառայութիւնը աւարտելուն առթիւ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։

Արժ. Տ․ Արտակ Քհնյ․ Մերզոյեանի  Պարգեւատրումը, Իրաքի թեմէն ներս իր Հոգեւոր Ծառայութիւնը աւարտելուն Առիթով։

Ամսոյս 6ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հանդիպում ունեցաւ Առաջնորդարանի աշխատակազմին հետ,  ի պատիւ Տ.  Արտակ Քհնյ․ Մերզոյեանի, Իրաքի մէջ իր  հոգեւոր ծառայութեան աւարտի առիթով։ Հանդիպման ներկայ եղան Քահանայ Հայրերը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները։ 

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ,  Սրբազան Հայրը արժեւորեց Տէր Հօր անձնուէր ծառայութիւնը, ընդգծելով անոր նուիրուածութիւնը եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն, նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր կատարած ծառայութեան համար։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ