Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ԵՄ խորհուրդի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքի, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերու մասին:
Փաշինեանը եւ Միշէլը քննարկած են նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի շրջանակներուն մէջ Հայաստանին 2,6 միլիառ տոլար յատկացնելու պայմանաւորուածութեան կատարման ընթացքը, ընդգծած են ներդրումային փաթեթով նախատեսուած ծրագրերու արդիւնաւէտ իրագործման կարեւորութիւնը:
Շառլ Միշէլը վերահաստատած է Հայաստանի համար նախատեսուած ներդրումային ծրագիրը լիարժէք կերպով իրականացնելու ԵՄ յանձնառութիւնը եւ ընդգծած՝ ծրագրերու գործնական իրագործման փուլը հնարաւորինս արագ սկսելու կարեւորութիւնը: