image

Նախարար Պապիկեանի բնակարանի հարցը դարձեալ կիզակէտի վրայ

Նախարար Պապիկեանի բնակարանի հարցը դարձեալ կիզակէտի վրայ

Պէտք է ընել ամէն ինչ, որ որեւէ այդպիսի պղտոր հիմքերով ձեռք բերուած գոյքերու մասին հրապարակումներով ի վերջոյ նախաձեռնուին քրէական վարոյթներ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի առաջին մարդու իրաւունքներու պաշտպան, իրաւապաշտպան Լարիսա Ալավերդեանը։

Նշենք, որ Երեւանի «Բիւրեղ» բնակելի թաղամասին մէջ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ բնակարանի ձեռքբերման գործընթացի վերաբերեալ հիմքերու բացակայութեան պատճառով քրէական վարոյթ չէ նախաձեռնուած:

«Ամէն մէկը պէտք է հետեւողական լինի, որ նախաձեռնուեն վարոյթներ, տարուեն քննութիւններ։ Խօսքն այն մասին չէ, որ լրագրողն անբաւարար է աշխատել, այլ այն, որ մենք վկայ ենք օրուայ վարչակազմի թէ՛ սահմանադրական կարգի տապալման, թէ՛ իրաւական պետութեան կայացման։ Եւ մենք պէտք է անենք այն ամէնը, ինչը կը հասունացնի կամ այդ վարչակազմի քաղաքականութեան կեցուածքի փոփոխութեանը, կամ իրենց փոփոխութեանը»,-ըսած է Ալավերդեանը։

Յիշեցնենք՝ «Հետք»-ը յօդուած հրապարակած էր՝ գրելով, որ Սուրէն Պապիկեանը Երեւանի «Բիւրեղ» բնակելի թաղամասին մէջ հիփոթեքային (կալուածի դիմաց տրուող) վարկով բնակարան ձեռք բերած է, որու համար վճարած է 168 հազար տոլար, սակայն բնակարանի իրական արժէքը 412 հազար տոլար է։

Յիշեցնենք, վերջին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հարցուցած էին Պապիկեանի նոր ձեռք բերած բնակարանի մասին, որուն ի պատասխան Փաշինեան նշած էր, որ շատ լաւ է, թող ձեռք բերէ, նոր ընտանիք է։