image

Մոսկուայի մէջ մեծ հրդեհ (Տեսանիւթ)

Մոսկուայի մէջ մեծ հրդեհ (Տեսանիւթ)

Մոսկուայի մերձը գտնուող «ՄԵԿԱ Խիմքի» առեւտուրի կեդրոնի OBI խանութին մէջ բռնկուած հրդեհի մակերեսը կը կազմէ 7 հազար քառակուսի մեթր, հրդեհը չորրորդ աստիճանի բարդութեան է (այդ աստիճանները հինգ են), տեղեկացուցած է Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ)։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ ԱԻՆ տարածաշրջանային վարչութենէն «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տեղեկացուցած էին, որ հրդեհ սկսած է Մոսկուայի մօտ «ՄԵԿԱ Խիմքի» առեւտուրի կեդրոնի OBI խանութին մէջ։ Հրդեհուած է 150 մեթր մակերեսով տանիքը։

ԱԻՆ-ի ճշդուած տեղեկութեամբ՝ հրդեհի մակերեսը կը կազմէ 7 հազար քառակուսի մեթր։