Ռուսիա-«Արեւելք»- 22 Յուլիսին Մոսկուայի գրողներու միջազգային ընկերակցութեան (Pen Club) տունէն ներս կայացաւ «Հողը կը խօսի» ռուսերէն լեզուով գիրքի շնորհահանդէսը: Շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր Ռուսատանի գրողներու Միութեան Մոսկուայի քաղաքային կազմակերպութեան նախագահ, բանաստեղծ՝ Վլատիմիր Պոյարինովի եւ գրող, բնական գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ ՝ Ալպէրթ Օհանեանի աջակցութեամբ:Հանդիսութեան ներկայ էին հայկական դեսպանատան, Ռուսաստանի հայերու Միութեան , Մոսկուայի գրական թերթի, «Շանթ» հայկական հեռուստաալիքի Մոսկուայի ներկայացուցիչները, ռուս եւ հայ գրողներ եւ այլ հիւրեր: Նշենք, որ հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայաստանէն այս առթիւ Մոսկուա ժամանած հայ գրողներու պատուիրակութիւն մը: Անոնք աւելի վաղ Ռումանիոյ մէջ մասնակցած էին բանաստեղծութեան 19 -րդ միջազգային փառատօնին: «Հողը Կը Խօսի» Ժողովածուն նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 -րդ տարելիցին եւ իր մէջ կը ներառէ Եղեռնազոհ արեւմտահայ դասական գրողներու ստեղծագործութիւնները: Հատորի խմբագրման աշխատանքները կատարած են բանաստեղծներ` Հերմինէ Նաւասարդեան, Ալպերդ Նալպանտեան, Տիգրան Գաբոյեանի եւ այլ անձանց ջանքերով:Ժողովածուն հայերէնէ թարգմանուած ու հրատարակուած է է նաեւ անգլերէն ( անգլերէն լեզուով գիրքը խմբագրած ու կազմած է ՝Տիգրան Գաբոյեանը) եւ գերմաներէն ( «Ափ մը մոխիր» խորագրով ) լեզուներու:Ծրագրի երկրորդ մասի ընթացքին ներկայացուեցաւ Վլատիմիր Պոյարինովի եւ Վլատիմիր Սիլկինի բանաստեղծութիւններու՝ Գիրքի ներկայացման երեկոն վարած է բանաստեղծ, նկարիչ Թաթիանա Տանիէլեանցը: Ելոյթ ունեցած են բանաստեղծներ՝ Լեւոն Պլպուլեան, Հերմինէ Նաւասարդեան, Տիգրան Գաբոյեան եւ այլ հիւրեր: