image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի մարզին մէջ խոցուած է երկու ԱԹՍ. օդակայանները վերսկսած են կանոնաւոր աշխատանքը. ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Մոսկուայի մարզին մէջ խոցուած է երկու ԱԹՍ. օդակայանները վերսկսած են կանոնաւոր աշխատանքը. ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Մոսկուայի մարզի երկինքի մէջ խոցուած երկու անօդաչու թռչող սարքերու մասին: Առաջին տրոնը յայտնաբերուած է Մոսկուայի ժամանակով ժամը 6:50-ի սահմաններուն, ըսուած է ռազմական գերատեսչութեան պաշտօնական Telegram-ալիքին մէջ:

Անօդաչուն «ճնշուած է ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցներով», կորսնցուցած է կառավարումը եւ ինկած Ռուզսքի շրջանի Փոքրովսքոյէ գիւղի շրջանին մէջ, նշած են նախարարութենէն: Յարձակման հետեւանքով տուժածներ չկան։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ յստակեցուցած, թէ արդեօք աւերածութիւններ կան ինկած անօդաչու թռչող սարքի պատճառով:

Երկրորդ յարձակումը կանխուած է Մոսկուայի ժամանակով 8:16-ին: «Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) հերթապահ ուժերու կողմէ ուքրանական անօդաչու թռչող սարքը ժամանակին յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած է Մոսկուայի մարզի Իսթրինսքի շրջանի տարածքին մէջ», — յայտարարած են պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Մայրաքաղաքի օդակայաններուն մէջ սահմանափակումներ մտցուած էին թռիչքներու ընդունման եւ մեկնման համար, այժմ օդակայանները կ'աշխատին բնականոն ռեժիմով: