image

Մոսկուան պիտի յաջողի իր կամքը թելադրել Ուաշինկթընին. Ռուս գործիչ

Մոսկուան  պիտի յաջողի   իր կամքը  թելադրել Ուաշինկթընին. Ռուս գործիչ

Ուաշինկթընի՝ Քիեւին տրամադրած 40 միլիառ տոլարի չափով օգնութիւնը պիտի ուղղուի զէնքին, զինամթերքին, Ամերիկայի դեմոկրատական կուսակցութեան փտած պաշտօնեաներուն, Քիեւի մէջ գտնուող խամաճիկներուն եւ անոնց վարձկաններուն:

 

Ռուսաստանի Դաշնային խորհուրդի Պետական ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան կոմիտէի ղեկավար Անտրէյ Քլիմով հաստատած է, որ իր երկիրը պիտի ստիպէ Ուաշինկթընին փոխհատուցել սառեցուցած գումարները, նշելով որ անոր համար կան ուղիներ:

Քլիմովը յաւելած է, որ Մոսկուան «21-րդ դարի առաջին տասնամեակին մեծ դժուարութեամբ մարեց Խորհրդային Միութեան արտաքին պարտքերը, ներառեալ Ուքրանիոյ պարտքերը, բայց մինչ այդ անոր հնարաւորութիւնները աւելի մեծ էին, քան Ուքրանիայինը»:

«Մոսկուան չի նախատեսեր երկրորդ անգամ վճարել Ուքրանիոյ պարտքը, եւ ԱՄՆ-ն ստիպուած պիտի ըլլայ փոխհատուցել բռնագրաւած 300 միլիառ տոլարը», ըսած է ան:

Ըստ Քլիմովի, ուքրանացի ժողովուրդը գրեթէ ոչինչ պիտի ստանայ նոր յոգնեցուցիչ վարկէն, յաւելելով, որ «Ուաշինկթընի՝ Քիեւին տրամադրած 40 միլիառ տոլարի չափով օգնութիւնը պիտի ուղղուի զէնքին, զինամթերքին, Ամերիկայի դեմոկրատական կուսակցութեան փտած պաշտօնեաներուն, Քիեւի մէջ գտնուող խամաճիկներուն եւ անոնց վարձկաններուն»:

Ան համարած է, որ «ռազմական վարկը կրնայ աւելի երկարել նէոնացիստներու տառապանքը ուքրանական հողին վրայ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ աւելի շատ զոհերու, աւերածութիւններու, վիշտի եւ աղքատութեան ուքրանացի բնակչութեան համար, իսկ Միացեալ Նահանգները պիտի հաստատէ իր հիմնական հովանաւորի կարգավիճակը՝ ուքրանացի ժողովուրդին ցեղասպանութեան վերաբերեալ»:

«Ուքրանիոյ ժողովուրդը միակ հնարաւորութիւնը ունի վերջ տալու այն մղձաւանջին, որ Ուաշինկթընը կը մղէ 2014 թուականէն, ազատելու Քիեւի մէջ արեւմտեան ժողովուրդին եւ անոր կամակատարներու թելադրանքէն, վերականգնելու նախկին համագործակցութիւնը Ռուսաստանի հետ եւ սկսելու իր երկրին իսկական զարգացումը, իր ժողովուրդի շահերէն ելլելով, ոչ թէ աշխարհաքաղաքական արկածախնդրասէր մարդոց», յաւելեց ան: