Ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագիրը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջազգային բարդ մարտահրաւէրներուն դիմակայելը կը պահանջէ «ներքին միասնութիւն»։ Թերթը, որ երկար վերլուծական մը հրապարակած է այդ մասին նկատել կու տայ, որ այսօր միջազգային հարթակին վրայ մեծ անվստահութիւն կայ ԱՄՆ-ին եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը տառապի բազմաթիւ ճգնաժամերէ, որոնք երեւելի կը դառնան զգայուն պահու մը եւ այդ պատճառով ալ «ներքին միասնութիւն» մը ստեղծելը կը համարուի հիմնական օրակարգ, երկրի մը համար, որն արդէն կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու նախափուլին։
Արտաքին հիմնահարցերը, որոնք այսօր բեռ դարձած են ԱՄՆ-ին համար բազմաթիւ են ու անոնց կարեւորագոյնները կը սկսին Ռուս-ուքրանական պատերազմէն հասնելով մինչեւ Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմներն ու մինչեւ «չինական հիմնահարց»ը եւ այս խնդիրները, մասնաւորապէս նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին «աւելի մեծ պառակտումներ կը ստեղծեն ամերիկացիներուն համար»։
Պարբերականին կողմէ նկարագրուած «միջազգային մարտահրաւէրներու» աճին հետ մէկտեղ այս մարտահրաւէրներուն դիմակայելը կը պահանջէ լայն միասնութիւն։
Վերջերս իրականացուած հարցախոյզը, որ հրապարակուած է ամսագրին կողմէ, ցոյց տուած է, որ մօտ երկու անգամ աւելի շատ ամերիկացիներ կը կարծեն, որ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութիւնը «2024 թուականին պէտք է ըլլայ գլխաւոր առաջնահերթութիւն»։
Միւս կողմէ այլ հարցումներ ցոյց կու տան խոր կասկածներ Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային առաջնորդութեան, կառավարման հիմնական իրաւասութեան եւ միջազգային վարկանիշին արժէքին վերաբերեալ: Ամերիկեան «Pew» կեդրոնի կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ չափահաս ամերիկացիներու միայն 4%-ը կ՚արտայայտէ իրական վստահութիւն ամերիկեան քաղաքական համակարգի նկատմամբ, եւ հարցուածներու միայն 16%-ը «միշտ կամ շատ ժամանակ կը վստահի դաշնային կառավարութեան»:
Ամերիկեան Շիքակոյի խորհուրդի կողմէ 2023 թուականին կայացած հարցման հիմամբ պարզուած է, որ ամերիկացիներու 57%-ը կը պաշտպանէ Միացեալ Նահանգներու աշխուժ դերակատարութիւնը համաշխարհային հարցերուն մէջ, տոկոս, որ 2018 թուականին կը հասնէր 70 տոկոսի։ ։
Foreign Policy կը կարծէ, որ «ժողովուրդ մը, որ բաժնուած եւ փակուած է ինքն իր մէջ, աւելի կը դժուարացնէ համաշխարհային մարտահրաւէրներուն դիմակայելը»:
Համաձայն պարբերականին շարունակութեան, ներքաղաքական լճացման ազդեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ ակնյայտօրէն կ՚երեւի Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելուն խոչընդոտելու մէջ, օրինակ՝ վկայակոչելով Քոնկրեսի մէջ դեմոկրատներու եւ հանրապետականներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը։
Մէկ այլ օրինակ այն է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի՝ ՁԻԱՀ-ի դէմ պայքարի շտապ ծրագրի չորրորդ վերահաստատումը` PEPFAR-ը, յայտնուած է վիժումի վերաբերեալ աւելի լայն բանավէճերու մէջ: Պարբերականը նշած էր, որ Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքական պառակտումը «կրնայ խաթարել կամ խանգարել նոյնիսկ կեանքեր փրկող ծրագրերը, ինչպիսին է PEPFAR-ը, որ երկկուսակցական լայն աջակցութիւն կը վայելէ»։
Պարբերականը մատնանշած է, որ արտաքին արդիւնաւէտ քաղաքականութեան համար անհրաժեշտ ազգային միասնութեան ձեւակերպումը կը պահանջէ կեդրոնանալ ներքին ճակատին վրայ ցոյց տալու, որ քաղաքական համակարգը կը գործէ ի շահ ամերիկացի ժողովուրդին:
Ըստ Foreign Policy-ի, վերջին տարիներուն շարք մը ամերիկացիներ զգացած են, որ իրենք համաշխարհայնացման զոհ են, վտանգուած են անօրինական ներգաղթով, անարգուած վերնախաւերու եւ լքուած իրենց քաղաքական գործիչներու կողմէ: Ամերիկացիները կ՚անհանգստանան առողջապահական խնամքի եւ իրենց երեխաները կրթելու համար, կը տուժեն գնաճի հետեւանքներէն եւ կը զարմանան աշխատանքի անվտանգութեան մասին արհեստագիտական փոփոխութիւններէն։
Աղբիւրը մատնանշած է, որ ներքին խնդիրները, որոնք ներկայացուած են անօրինական ներգաղթով, հարաւային սահմանին տիրող քաոսով, իրաւունքի ծրագրերու վրայ անկայուն ծախսերով, ֆինանսական կայունութեան սպառնացող պարտքի մակարդակով «մեզի հետ եղած են տասնամեակներ շարունակ»:
«Շատ պարագաներու լուծումները նոյնպէս պարզ էին, սակայն մեր քաղաքական համակարգը կը շարունակէ անկարող ըլլալ կայուն, երկկուսակցական լուծումներ ընդունելու»:
Միջազգային մարտահրաւէրները, որոնց մենք այսօր կը բախինք, կը սպառնան ամերիկացիներու անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ ազատութեան», աւելցնելով, որ «ամերիկացիները, ի հարկէ, կը վարանին կեդրոնանալ արտաքին խնդիրներու վրայ, քանի դեռ իրենց առաջնորդները չեն լուծած ներքին իրական հիմնահարցերը»: