image

Մոսկուա անընդունելի կը նկատէ Հռոմի կանոնադրութեան միանալու՝ Երեւանի ծրագիրները

Մոսկուա անընդունելի կը նկատէ Հռոմի կանոնադրութեան միանալու՝ Երեւանի ծրագիրները

Մոսկուա բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալու Երեւանի ծրագիրները՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան վերաբերող «ողորմելի  հրամաններու պարունակին մէջ»: Այս մասին 27 Մարտին ռուսական «Թասս» գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը:

«Մոսկուայի մէջ բացարձակապէս անընդունելի կը նկատեն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալու՝ պաշտօնական Երեւանի ծրագիրները՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ դատարանի վերջին անօրինական եւ իրաւաբանօրէն անվաւեր «հրաման»ի պարունակին մէջ», յայտնած է աղբիւրը:

Ըստ «Թասս»ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը հաղորդած է, որ հայկական կողմը զգուշացուած է Մոսկուայի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն համար Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներէն:

Յիշեցնենք, որ օրերս Հաագայի միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ Երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման միջազգային հրամաններ տուած է։ Միջազգային քրէական դատարանը պարզաբանած է, որ Փութինն ու Լվով-Պելովան կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու ապօրինի արտաքսման մէջ։