image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեան-Մենենտես քննարկում ԱՄՆ-ի մէջ. Թեման հայ-թրքական յարաբերութիւններն են

Միրզոյեան-Մենենտես  քննարկում ԱՄՆ-ի մէջ. Թեման հայ-թրքական յարաբերութիւններն են

Մայիս 5-ին ԱՄՆ աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Պոպ Մենենտեսի հետ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ յանձնաժողովի անդամ ծերակուտական Ճիմ Ռիչը:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են հայ-ամերկեան յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրադրութեան եւ տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցերու:

Կողմերը գոհունակութեամբ նշած են հայ-ամերիկեան երեսունամեայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումները: ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսական ոլորտի զարգացման ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարած է այցի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու նշանակութեան:

Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատած է Պոպ Մենենտեսի ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Ծերակոյտի բանաձեւի ընդունման գործին մէջ, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի արդարութեան եւ մարդասիրութեան արժէքներու գերակայութեան ապահովման եւ հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման տեսանկիւնէն:  

ՀՀ ԱԳ նախարարը նաեւ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղ մէջ առկայ մարդասիրական իրավիճակը եւ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումը: Այս ծիրին մէջ շեշտուած է Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան հրահրման անթոյլատրելիութիւնը: 

Ընդգծուած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը: 

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած վերջին զարգացումները: 

Արարատ Միրզոյեանը Պոպ Մենենտեսին փոխանցած է Բարեկամութեան շքանշանը, որով վերջինս պարգեւատրուած է ՀՀ-ԱՄՆ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով, հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար: