image

Միրզոյեան-Լաւրով քննարկում եղած է. Թեման՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները

Միրզոյեան-Լաւրով քննարկում եղած է. Թեման՝  հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները

Մարտ 5-ին տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ զրոյցը կայացած է ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ։

Նշուած է, որ քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանին վերաբերող հարցեր:

«Մարտ 5-ին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին արտաքին յարաբերութիւններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութիւնն ընդհանուր համարկման միաւորումներու շրջածիրէն ներս»,- ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։