image

Միրզոյեան կը հանդիպի Պլինքընին

Միրզոյեան կը հանդիպի Պլինքընին

Մայիս 2-6-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան նիստին:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ-էն, Ուաշինկթընի մէջ Արարատ Միրզոյեանը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի, USAID տնօրէն Սամանթա Փաուըրի, ԱՄՆ նախագահի յատուկ օգնական Ամանտա Սլօթի եւ այլ գործընկերներու հետ:

Տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ ԱՄՆ Գոնկրէսի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ:

Այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ելոյթով հանդէս պիտի գայ Ատլանտեան խորհուրդ ուղեղային կեդրոնին մէջ: