image

Միքայէլ Աջապահեանն ու Բագրատ Գալստանեանը նոյն խուցի մէջ են. փաստաբան

Միքայէլ Աջապահեանն ու Բագրատ Գալստանեանը նոյն խուցի մէջ են. փաստաբան

Բագրատ սրբազանն ու Միքայէլ սրբազանը «Երեւան–Կեդրոն» Քրէակատարողական հիմնարկի նոյն խուցին մէջ են։ Այս մասին այսօր ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։

«Յատուկ են արել, որպէսզի կարողանան նրանց խօսակցութիւնը լսեն, ձայնագրեն»,–ըսած է պաշտպանը։

Անոր խօսքով ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ուզեն Աջապահեանի դէմ յարուցուած քրէական գործը «կապել» Գալստանեանի գործի հետ, հակառակ, որ Շիրակի թեմի առաջնորդը որեւէ կերպ առնչութիւն չէ ունեցած Բագրան սրբազան Գալստանեանի քաղաքական գործունէութեան հետ: