Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար «քաւորութեան» հարց չկայ։
«Մենք չենք կարծում, թէ այստեղ «քաւորութեան» հարց կայ, մենք կարծում ենք, որ բոլոր միջազգային գործընկերները, ովքեր իրապէս շահագրգռուած են տարածաշրջանի կայունութեամբ, կարող են աջակցել գործընթացին», -լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Արտակին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ «ո՞ւմ քաւորութեամբ պէտք է ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը»։
Կոստանեանն ըսած է, թէ այս պահուն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման վերաբերեալ յստակ որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ։
«Մենք շարունակում ենք աշխատանքները, ամէն դէպքում, միջնորդները որոշակի աշխատանք են իրականացնում նոր հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ», -ըսած է ան։
Արտաքին գործոց փոխնախարարն ընդգծած է՝ մշտական կապի մէջ են գործընկերներու հետ, սակայն դեռ վաղ է խօսիլ յառաջիկայ քննարկումներու մակարդակի, վայրի եւ միջնորդներու մասին։