image

Միջազգային Քրէականէն Փութին ձերբակալելու հրաման

Միջազգային Քրէականէն Փութին ձերբակալելու հրաման

Հաագայի միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ Երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման միջազգային հրաման տուած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով BBC-ին, այս մասին մամուլի հաղորդագրութիւն տարածած է Հաագայի միջազգային քրէական դատարանը։

«Այսօր ՝ 2023 թուականի մարտ 17-ին, Միջազգային քրէական դատարանի մինչդատական վարոյթի երկրորդ պալատը Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի պայմաններուն երկու անձի՝ պարոն Վլատիմիր Փութինի եւ տիկին Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման հրաման տուած է»,-ըսուած է մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

Միջազգային քրէական դատարանը պարզաբանած է, որ Փութինն ու Լվով-Պելովան կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու ապօրինի արտաքսման մէջ։

Աւելի վաղ, ՄԱԿ-ի քննչական յանձնաժողովը յայտարարած էր, որ ուքրանացի երեխաները Ռուսիոյ տարածք արտաքսելը կրնայ համարուիլ ռազմական յանցագործութիւն: