image

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է կանգնեցնէ բռնակալ Ալիեւը. Պասք պատգամաւորին կոչը

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է կանգնեցնէ բռնակալ Ալիեւը. Պասք պատգամաւորին կոչը

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է կանգնեցնէ բռնակալ Ալիեւը` թոյլ չտալով Ատրպէյճանի նոր յարձխակումը Արցախի դէմ: Այդ մասին յայտարարած է Սպանիոյ խորհրդարանի Ստորին պալատի` Գոնկրէսի պատգամաւոր, ազգութեամբ պասք քաղաքական գործիչ Ճոն Ինեառիթուն` խօսելով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն իրականացուող թշնամական գործողութիւններուն մասին:

«Ատրպէյճանը կ՛օգտուի Ուքրանիոյ վրայ միջազգային մամուլի շեղումէն` Արցախի վրայ յարձակելու նպատակով: Ատրպէյիանի զինուած ուժերը շաբաթներ շարունակ կը խախտեն 2020 թուականի Նոյեմբերին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրը: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է կանգնեցնէ բռնակալ Ալիեւը», Թուիթերի իր էջով գրած է պասք պատգամաւորը: