image

Աշխատիր աչքիս չերեւալ․ Մարուքեանը՝ Ատրպէյճանին աջակցած ուքրանացի պատգամաւորին

Աշխատիր աչքիս չերեւալ․ Մարուքեանը՝ Ատրպէյճանին աջակցած ուքրանացի պատգամաւորին

ՀՀ Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանը X- ի իր էջին քննադատած է Ուքրանիոյ Ռատայի պատգամաւոր Ալեքսէյ Կոնչարենքոյի փրօ-ատրպէյճանական ելոյթը Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ`անոր մեղադրելով երկակի չափանիշերու համար։

Մարուքեանը յիշեցուցած է, որ 2021 թուականին, երբ ինքը որպէս ԵԽԽՎ պատուիրակութեան անդամ ելոյթ ունեցած էր Ատրպէյճանի խայտառակ «ռազմավարի պուրակ»ի մասին, ուր ատրպէյճանական ռեժիմը ցուցադրած էր հայ ռազմագերիներու մոմէ արձանները, ցոյց տուած էր նաեւ նկարներ։ Ուքրանացի պատգամաւորը բողոքած էր նստաշրջանի նախագահին, որ ան Մարուքեանին թոյլ տուած է պաստառներով հանդէս գալ, իսկ իրեն՝ ոչ։

«Այս երկակի ստանդարտների արդիւնքում շատ հետաքրքիր է, թէ ինչպէս է ուկրաինացի այս պատգամաւորը արդարութիւն պահանջում աշխարհից Ուկրաինայի համար, երբ նա չի ցանկանում նոյն արդարադատութիւնը տեսնել էթնիկ զտումների ենթարկուած Լեռնային Ղարաբաղի հազարաւոր բնակիչների, Ադրբեջանում ապօրինի պահուող ռազմագերիների համար: Ինչպէ՞ս չես ամաչում, Գոնչարենկո, երբ ես Ստրասբուրգ գամ, աշխատիր աչքիս չերեւալ»,- գրած է Մարուքեանը։

Նշենք, որ Ուքրանիոյ Ռատայի պատգամաւոր Ալեքսէյ Կոնչարենքօն յունուար 25-ին Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) հանդէս եկած էր փրօ-ատրպէյճանական ելոյթով։ Ան նշած էր, որ Ատրպէյճանը ԵԽԽՎ անդամ է 2001 թուականէն, եւ այսօր ոչ թէ Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակը վատթարացած է, այլ այս երկիրն ընդամէնը կը վերականգնէ տարածքային ամբողջականութիւնն ու կը փորձէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ։

«Կ՚ուզեմ դիմել ատրպէյճանցիներուն՝ դուք ազատ աշխարհի մէկ մասն էք, եւ մենք կ՚ուզենք ձեզ այստեղ տեսնել․․․ Կեցցէ Ատրպէյճանը, կեցցէ Եւրոպան։ Ես կը հաւատամ, որ մենք կը յաղթահարենք սա, եւ մենք կը սպասենք այստեղ ատրպէյճանական պատուիրակութեան»,- յայտարարած է Կոնչարենքօն։