image
Հրատապ լուրեր:

Լիմասոլի մէջ. Մեծ խանդավառութեամբ նշուած է Ծաղկազարդի տօնը. Պատարագած է Հոգեւոր Հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ. Վրդ. Սաղտըճեան

Լիմասոլի մէջ. Մեծ խանդավառութեամբ նշուած է Ծաղկազարդի տօնը. Պատարագած է Հոգեւոր Հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ. Վրդ. Սաղտըճեան

Վերջին ամիսներուն Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ տիրող խանդավառ մթնոլորտը կը շարունակուի։

 Ընկերային եւ մշակութային միջոցառումներու կողքին քաղաքի կրօնական-եկեղեցական կեանքը նոր աշխուժութիւն մը կ՚ապրի շնորհի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հրամանով քաղաքի հոգեւոր հովիւ նշանակուած Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանի  աշխատսիրութեան եւ նուիրական գործունէութեան։

Նոյն առումով օրերս մեծ ուրախութեամբ է, որ Լիմասոլի հայկական համայնքը նշած է Ծաղկազարդի տօնը, որ յայտնի է անշուշտ փոքրիկներու օրհնութեան օր ըլլալու օրհնաբեր հանգամանքով։ 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջին ասոր մասին ներկայացուցած գրառումը։

Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սուրբ և Անմահ Պատարագը մատուցանեց՝ Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան։

Մանուկներուն թափօրի աւարտին, հայր Սուրբը «ողջունեց մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ յատկապէս եղբայրական սիրով՝ մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն ներկայութիւնը։ Ապա անդրադարձաւ Քրիստոսի ներկայութեան կարիքը մեր կեանքին մէջ, Առ այդ, ան կոչ ուղղեց հաւատցաելներուն բանալ մեր կեանքին դռները Երուսաղէմ մուտք գործող Քրիստոսին առջեւ. «թող Քրիսոտոս մո՛ւտք գործէ մեր կեանքէն ներս, մեր անհատատական, ընտանեկան, հաւաքական ու ազգային կեանքէն ներս, ամէ՛ն տեղ, որպէսզի Իր ներկայութեամբ ծաղկազարդէ մեր կեանքը երկնային օրհնութեամբ, բարիքներով ու պարգեւներով»։

 

 Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը