Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ պետական սահմանով բեռնափոխադրող բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու մուտքն ու ելքը վերականգնուած է։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով երկրի Նախարարներու գրասենեակին։
Կարգաւորումը կը տարածուի ինչպէս երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան շրջածիրէն ներս կատարուող փոխադրումներու, այնպէս ալ տարանցիկ բեռնափոխադրումներու վրայ։
Ատրպէյճանի եւ Իրանի սահմանով բեռնափոխադրող բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու մուտքն ու ելքը ժամանակաւորապէս դադրեցուած էր մարտ 5-ին։
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտօնական պարզաբանման՝ այդ որոշումը կայացուած էր Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ իրանական անօդաչուներու հարուածէն ետք։