image

Իրանեան հարուածներուն հետեւանքով տուժած են Պահրէյնի 32 քաղաքացի

Իրանեան հարուածներուն հետեւանքով տուժած են Պահրէյնի 32  քաղաքացի

Առնուազն 32 Պահրէյնի քաղաքացի տուժած է Պահրէյնի Սիթրա կղզիին ուղղուած իրանական ենթադրեալ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածին հետեւանքով։

Աւելի վաղ թագաւորութեան Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայէն դէպի հարաւ գտնուող Սիթրա կղզիին վրայ իրականացուած յարձակման հետեւանքով քանի մը քաղաքացիական անձ տուժած է, իսկ մէկ մարդ ստացած է ծանր վնասուածքներ։

«Առնուազն 32 պահրէյնցի տուժած է Իրանի կողմէ Սիթրա կղզիին վրայ անօդաչու թռչող սարքերով իրականացուած յարձակուման հետեւանքով»,– կը հաղորդէ գործակալութիւնը։

Կը նշուի, որ տուժածներէն չորսին վիճակը ծանր է։