Իրանը վրէժ պիտի լուծէ երկրի ամենահին բանկի մասնաճիւղի վրայ յարձակման համար։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Իրանի ազգային ենթակառուցուածքները յարձակման տակ են։ Այս անգամ պայթեցուած է մեր երկրի ամենահին բանկի մասնաճիւղը, ուր բազմաթիւ աշխատակիցներ եղած են։ Անոնք ջանասիրաբար աշխատած են՝ Իրանի քաղաքացիներու համար, որ մեր Նոր տարուան սեղանին ուտելիք դնելու հնարաւորութիւն ունենանք։
Մեր հզօր զինուած ուժերը վրէժ պիտի լուծէ այս յանցագործութեան համար», - ըսած է Իրանի արտաքին գործերի նախարարը։