image

Միասին յանուն Այնճարի

Միասին յանուն Այնճարի

Բնիկ մուսալեռցի  եւ Այնճարի բնակիչներէն՝  Յակոբ Այնթէպլեան կը գրէ՝

 

Մշուշապատ է Լիբանանը. Ներկան՝ անմխիթար. ապագան՝ անորոշ. 

Մշուշը պատած է նաեւ մեր գիւղը՝ Այնճարը ուր սակայն ոչ ներկան անմխիթար է ոչ ալ ապագան՝ անորոշ։

Համասփիւռ մուսալեռցիներու մայրաքաղաքը նկատուող Այնճարը  միշտ ալ կիզակէտը դարձած է համայն ՄուսաԼեռցիներու ճառագայթումին ու փայլքին։

Փայլած ու իր փայլքի վերարտացոլումով արձագանգած է իւրաքանչիւր ՄուսաԼեռցիի սրտին մէջ իբրեւ կախարդական թմբուկ զուռնայ խորախորհուրդ բարբառի ուժ՝ անկոտրում կամք  իբրեւ ոգի քառասնօրեայ ահեղ մարտի։

Փայլած ու իր փայլքի լոյսով տեղ մը տողանցած իբրեւ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի միշտ պատրաստ սկաուտ ուրիշ տեղ մը իբրեւ ՀՅԴ Լեմ-ի «Շ. Միսաքեան»-ի անձնազոհ երիտասարդ. Այլ տեղ մը իբրեւ  ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի պարտաճանաչ կամաւորուհի եւ կամ «Պարոյր Սեւակ»-ի մտքի փայլքով համազգայնական. 

Փայլած ու իր փայլքի ուժով ղօղանջած ՍԲ. Պօղոս եւ քոյր համայնքներու (Այնճարի Հայ Աւետ.  եւ Կաթողիկէ) եկեղեցիներու գմբէթներէն  իբրեւ միաձայն ու համախորհուրդ ՄուսաԼեռեան պատարագ. 

Փայլած ու իր փայլքով լուսաւորած Այնճարի քաղաքապետարանի ճակատին գամուած նոյն ինքն Լիբանանեան Մայրին. 

Այո համայն ՄուսաԼեռցիներու փայլատակումով պիտի շարունակէ ծածանիլ եռագոյն դրօշը «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան կատարէն ու իր հովանիին տակ պիտի շարունակէ պահել գիւղի հայութիւնը անկասկած. 

Հաւատքով  յարգանքով երախտապարտութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ։