image

Միասեռական Վարդապետը Կրնայ Նոր Տագնապ Ստեղծել Վատիկանին Համար

Միասեռական Վարդապետը     Կրնայ  Նոր Տագնապ   Ստեղծել  Վատիկանին Համար

Վատիկան- (BBC.,CNN)      43 Տարեկան  Լեհ   վարդապետ  Քրիսթոֆ Օլաֆ Խարամզա  յայտարարած է իր միասեռականութեան մասին:   Վարդապետը, որ աշխատած է Վատիկանի  հոգեւոր հարցերու բարձրագոյն    մարմնին մէջ  ըսած է, որ  ինք ուրախ է իր  միասեռական ըլլալուն մէջ  եւ չի թաքցներ այդ մէկը: Խարամզա նաեւ յայտնած է, թէ բոլոր միասեռականները  եւս Աստծոյ զաւակներն են: Նշենք, որ Վատիկանի մէջ այսօր սկիզբ  առնող  Կարտինալներու Սիւնոթի  գլխաւոր օրակարգերէն մէկը   յատկացուած պիտի ըլլայ   միասեռականութեան  խնդրին:   Վատիկանի  մօտիկ կանգնած դէտեր յայտնած են, որ միասեռական  վարդապետը կրնայ   ոչ միայն յետս կոչուիլ իր պատասխանատուութիւններէն այլ  նաեւ  ընդհանրապէս վտարուիլ Վատիկանէն: