Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացին մեկնարկը լարուածութենէն խուսափելու միակ միջոցն է:
«Սահմաններուն լարուածութենէն խուսափելու միակ միջոցը սահմանազատման գործընթաց սկսիլն է: Չնայած Ատրպէյճանի նախաձեռնած կառուցողական բանակցութիւններուն՝ նոյնը չենք նկատեր հակառակ կողմէն», ըսած է Պայրամով: