ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընը կոչ ըրած է «դադրեցնելու Եմէնի հակամարտութեան սրումը վերջին օրերուն ինկած աւելի քան 100 զոհէ ետք»։
«Միացեալ Նահանգները հակամարտութեան բոլոր կողմերուն կոչ կ'ընէ դիմելու ապամագլցողական քայլերու, կատարելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները եւ ամբողջութեամբ մասնակցելու ՄԱԿ-ի գլխաւորած համապարփակ խաղաղ գործընթացին», կ'ըսուի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Եմէնի մէջ սրումը, որ յանգեցուցած է աւելի քան 100 զոհերու, «մեծ մտահոգութիւն է Ուաշինկթընի համար», յաւելելով. «Մենք տեղեակ ենք Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքին կողմէ ձեռնարկուած յարձակման վերաբերեալ հաղորդագրութիւններուն մասին, որու հետեւանքով զոհուած է 70 մարդ»:
Աւելի վաղ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ դատապարտած էր Սէուտական դաշինքին յարձակումները Եմէնի Սաատա քաղաքին վրայ, կոչ ընելով դադրեցնելու Եմէնի դէմ պատերազմին սրումը։
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին գրասենեակը ըսած է, որ «Եմէնէն շատ ցնցող զեկոյցներ կը հասնին մեզի Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքին կողմէ բնակեցուած տարածքներու դէմ օդային ռմբակոծութիւններուն մասին, որոնք յանգեցուցած են հիմնական քաղաքացիական բնակելի շէնքերու ոչնչացման, այդ շարքին՝ Սաատայի նահանգին մէջ բանտ մը»։
Արեւմտեան մարդասիրական կազմակերպութիւնները՝ Նորվեկիոյ փախստականներու կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ, դատապարտած են Սէուտական դաշինքին կողմէ Սաատայի, Հոտէյտայի եւ Սանաայի մէջ իրականացուած դաժան ջարդերը։
Սէուտական դաշինքի յարձակումներուն պատճառով, որ ուղղակիօրէն թիրախաւորած էր Սաատայի կեդրոնական բանտը, ինկած է աւելի քան 65 զոհ եւ աւելի քան 120 վիրաւոր, սակայն Անվտանգութեան խորհուրդը դատապարտած է այն, ինչ նկարագրած է որպէս «դաժան ահաբեկչական յարձակում Ապու Տապիի եւ Սէուտական Արաբիոյ այլ շրջաններու դէմ»։