image

Միացեալ Նահանգներ դէմ չէ Մինսքեան խումբի գործունէութեան. Դեսպան Քրիսթինա Քուին

Միացեալ Նահանգներ դէմ չէ Մինսքեան խումբի գործունէութեան. Դեսպան Քրիսթինա Քուին

Միացեալ Նահանգները կը փորձէ գտնել ուղիներ ու կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան՝ արդէն սկսած քննարկումները հնարաւոր կ'ըլլայ առաջ տանիլ ու վերջնարդիւնքի հասցնել։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինը։

«Դժբախտաբար Ռւսիան Ուքրանիոյ մէջ իր յարձակողական գործողութիւններու պատճառով հանդէս չէ եկած որպէս լաւ գործընկեր։ Ուստի մենք կ'աշխատինք մեր վստահելի գործընկերներու հետ՝ փորձելով առաջ տանիլ վերոնշեալ գործընթացը»,-ըսած է Քուին՝ խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար ստեղծուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի մասին։

«Մինսքի խումբը չէ դադրած: Եւ եթէ ապագային հնարաւոր ըլլայ կառուցողական աշխատիլ Մինսքի խումբի շրջածիրէն ներս, ապա Միացեալ Նահանգները դէմ չէ ատոր։ Մենք այդ անպայման կը դիտարկենք»,-ըսած է ան։