image

Միաբանութեան անդամ 2 կրօնաւորներ յետս կոչած են իրենց ստորագրութիւնը. Ի՞նչ կը կատարուի Երուսաղէմի մէջ

Միաբանութեան անդամ 2  կրօնաւորներ  յետս կոչած են իրենց ստորագրութիւնը. Ի՞նչ կը կատարուի Երուսաղէմի մէջ

  Մեր տուեալներով  Երուսաղէմի Հայոց  Պատրիարքութիւնը եւ ի մասնաւորի    Երուսաղէմի  Հայոց Տ. Նուրհան  արք. Մանուկեան  Պատրիարքին համար     կարեւորագոյն  խնդիր է    ստեղծել այնպիսի    աղբիւրներ,   որոնց  շնորհիւ  ալ  կարելի  պիտի ըլլայ ապահովել վանքի   նիւթական անկախութիւնը    ու    նաեւ միաբանութեան բարեկեցութիւնը։

Օրեր  առաջ      մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ  դրուած  նամակին տակ ստորագրած   միաբաններէն երկուքը  ետ  քաշած են իրենց ստորագրութիւնները։

 Այս մասին «Արեւելք»  իմացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն։

Մեր ունեցած  տուեալներով   երկու միաբանները, որոնք  նախապէս  դէմ  արտայայտուած էին «Կովերու պարտէզ»ի   վարձակալութեան         համաձայնագրին  յայտարարած են, որ իրենք սխալած են   եւ ետ կը քաշեն  իրենց   ստորագրութիւնը։

 Կը  նշուի նաեւ,  որ      միաբաններուն  կողմէ  հրապարակուած  եւ որպէս  բողոքի գիր    ներկայացուած   գրութիւն-նամակը   կը շարունակէ մնալ   Ամեն. Նուրհան  Սրբ.Արք. Մանուկեանի ուշադրութեան կեդրոնին, մանաւանդ, որ   եղած   համաձայնութեան մասին  բոլոր  միաբանները տեղեակ  պահուած են նախօրօք ու  անոնք  տեղեակ  են  միւս բոլոր   մանրամասնութիւններէն։

  Մինչեւ այս պահը  տակաւին յստակ չէ, որ ինչ հանգամանքներու բերումով եւ ինչ նպատակներով միաբան  հայրերը  գրած են այդ նամակը,  ու չի  բացառուիր, որ  մօտիկ ապագային ալ   այդ գրութեան  առընթեր նոր զարգացումներու ականատես դառնանք։ Հարկ է  յիշեցնել,    որ   վերջին ամիսներուն  մամուլին մէջ  հրապարակուած     նիւթերը   կը վերաբերին  Երուսաղէմի   Հայոց Վանքին  մերձ  գտնուող եւ «Կովերու պարտէզ» անունով      յայտնի    հողակտորին, որ  օրերս    վարձակալութեան տրուեցաւ   եւ  ամենատարբեր ու յաճախ   ոչ  իրաւացի քննադատութիւներու  դուռ   բացաւ։

Նշենք, որ  նոյն  խնդրին մասին «Արեւելք»  տարբեր  առիթներով   տեղ  տուաւ  Երուսաղէմի Պատրիարքութեան     կողմէ հրապարակուած  մեկնաբանութիւններուն, միշտ հեռու մնալով     «դեղին մամուլ»ի ծուղակներուն մէջ  իյնալու վտանգներէն։