Հակափտածութեան պայքարին մէջ պէտք չէ գոյութիւն ունենայ «մերոնք եւ ձերոնք» տրամաբանութիւնը. պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուին բոլորը՝ անկախ իրենց քաղաքական պատկանելիութենէն։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հակափտածութեան կոմիտէի կազմաւորման հինգերորդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստի ընթացքին։
Վարչապետին խօսքով՝ Հակափտածութեան կոմիտէի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ հետզհետէ աւելի տեսանելի կը դառնայ, ինչ որ կը վկայէ կաշառակերութեան նկատմամբ պետութեան անհանդուրժողականութեան մասին։
Փաշինեան ցաւալի համարած է, որ Հակափտածութեան կոմիտէի գործունէութեան արդիւնքով դատական պատասխանատուութեան կ՚ենթարկուին նաեւ կառավարող խումբին եւ իշխանական շրջանակներու ներկայացուցիչները՝ կարեւոր համարելով այն հանգամանքը, որ կաշառակերութեամբ զբաղելու պարագային ոչ ոք պէտք է խուսափի պատասխանատուութենէ։
«Եթէ որեւէ մէկը զբաղւում է կոռուպցիոն գործունէութեամբ, անկախ նրանից՝ որ քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ է՝ կառավարող, թէ ընդդիմադիր, պէտք է վրայ հասնի պատասխանատւութիւնը։ Հակառակ դէպքում մենք արդիւնքի չենք հասնի։
Եթէ հակակոռուպցիոն պայքարում պէտք է լինի «մերոնք եւ ձերոնք» տրամաբանութիւնը, չի ստացուի»,-ըսած է վարչապետը։
Ան կարեւորած է նաեւ 2018 թուականէն սկսեալ քննուող, սակայն անհասկնալի պայմաններու մէջ տեղքայլի մատնուած գործերը աւարտին հասցնելը։ «Կարեւոր է, որ սկզբունքօրէն աւարտին հասցուեն այն գործերը, որոնք 2018 թուականին մեկնարկել են, բայց ինձ համար անհասկանալի իրավիճակներում տեղապտոյտի վիճակում են յայտնուել։ Մենք պէտք է արագ այդ էջը փակենք, որպէսզի կեդրոնանանք այսօրուայ խնդիրների վրայ»,- նշած է Փաշինեանը։
Վարչապետին համոզմամբ՝ կառավարութեան եւ քաղաքական մեծամասնութեան անկեղծ քաղաքական կամքի, Հակափտածութեան կոմիտէի արդիւնաւէտ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ հակափտածութեան քաղաքականութիւն իրականացնող պետական միւս կառոյցներու ներգրաւուածութեան շնորհիւ, Հայաստանը կրնայ դառնալ կաշառակերութենէ զերծ պետութիւն։
Անդրադառնալով հակափտածութեան առնուող գործերու քննութեան որակին՝ Փաշինեան նշած է, որ կարգ մը պարագաներու գործերը դատարան կը ներկայացուին ոչ պատշաճ որակով։ Անոր խօսքով՝ հանրութեան դժգոհութիւնը կ՚առաջանայ, երբ կաշառակերութեան գործերով դատական գործընթացները կ՚աւարտին արդարացման վճիռներով, սակայն անոնց պատճառները կը մնան անհասկնալի։
«Եթէ ինչ-որ մութ անկիւններ շարունակում են մնալ, որոնց ենթադրական գոյութեան վրայ յղում անելով արդարացւում է արդարադատութեան տեղ չհասնելը, այդ իրավիճակը նիարդայնացնում է հանրութեանը, եւ այդ հարցը պէտք է հասցէագրուի։ Պէտք է պարզաբանուի, թէ ինչու է, օրինակ, կոմիտէի կողմից քննուող գործը հասնում դատարան եւ դատարանում աւարտւում արդարացմամբ։ Հանրութիւնը, ի վերջոյ, պէտք է ստանայ այդ հարցի պատասխանը՝ ի՞նչ տեղի ունեցաւ, ինչո՞ւ արդարացուեց»,- ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ առաջիկային դատական համակարգի ներկայացուցիչներուն պիտի առաջարկէ մշակել մեխանիզմ՝ նման դէպքերու վերաբերեալ հանրութեան պարզաբանումներ տրամադրելու համար։